Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ. ՔՈԼԻՆՈՎ ՀԱՐՈՒՍՏ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆԸ ԿԸ ՆՊԱՍՏԷ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ

February 14, 2012
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2012-ի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ անոնք, որոնք Քոլին կոչուած նիւթով հարուստ սննդականոնի հետեւած են, շատ աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած են յիշողութեան հետ առնչուած քննութիւններուն մէջ, քան` անոնք, որոնք համեմատաբար նուազ տարողութեամբ Քոլին պարունակող սննդականոնի հետեւած են:

Մասնագէտները յայտնած են, թէ Քոլինով հարուստ սննդականոն ունեցող մարդոց ուղեղին մէջ չեն յառաջացած ուղեղի մթագնումէ տառապող մարդոց ուղեղին մէջ յառաջացած փոփոխութիւններուն նման փոփոխութիւններ:

Քոլին կը պարունակեն գլխաւորաբար աղի ջուրին մէջ ապրող ձուկերը, հաւկիթն ու լեարդը, ինչպէս նաեւ` հաւը, կաթն ու կարգ մը տեսակի ընդեղէններ, օրինակ` սօճալութիան ու լուբիան:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի մասնագէտ Ռոտա Աու նշած է, որ թէեւ Քոլինը չի դարմաներ ուղեղի մթագնում յառաջացնող հիւանդութիւնները, ինչպէս` ալցայմըրի հիւանդութիւնը, սակայն անիկա կրնայ որոշ տարբերութիւն յառաջացնել ուղեղին  ծերանալու գործընթացին մէջ:

ԽՈՍՏՄՆԱԼԻՑ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ

Վիճակագրական տուեալներուն համաձայն,  աշխարհի տարածքին տարբեր երկիրներու մէջ միլիոնաւոր մարդիկ կը տառապին ալցայմըրի հիւանդութենէն:

Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ որոշ կապ մը գոյութիւն ունի ալցայմըրի հիւանդութեան յառաջացման վտանգին ու սննդականոնին միջեւ: Կարգ մը մասնագէտներ նշած են, թէ ձուկով, բանջարեղէնով ու պտուղով, ինչպէս նաեւ ցորենով ու ձիթաիւղով հարուստ սննդականոն մը կրնայ որոշ չափով նուազեցնել ալցայմըրի հիւանդութեան յառաջացման վտանգին տարողութիւնը:

Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները նկատի ունեցած են 36-83 տարեկան հազար չորս հարիւր տղամարդ ու կին: Նշեալ մարդիկը որոշ հարցաթերթիկներ ամբողջացուցած են 1991-1995-ին: Ապա անոնք նման հարցաթերթիկներ ամբողջացուցած են 1998-2001-ին: Նշեալ հարցաթերթիկներուն միջոցով կարելի եղած է ձեռք ձգել որոշ մանրամասնութիւններ մարդոց յիշողութեան տարողութեան մասին:

Մասնագէտները գտած են, թէ անոնք, որոնք մեծ տարողութեամբ Քոլին պարունակող ուտելիքներ սպառած են, շատ աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած են յիշողութեան հետ առնչուած քննութիւններուն մէջ, քան անոնք, որոնք համեմատաբար նուազ տարողութեամբ տուեալ ուտելիք կերած են:

ՔՈԼԻՆԸ` ՈՒՂԵՂԻՆ ՊԱՐՈՒՆԱԿԱԾ ՔԻՄԻԱԿԱՆ
ՆԻՒԹԵՐԷՆ ՄԷԿՈՒՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ԲԱՂԿԱՑՈՒՑԻՉԸ

Մասնագէտ Աու յայտնած է, թէ նուազ տարողութեամբ Քոլին պարունակող ուտելիքներ սպառող մարդոց մօտ շատ աւելի բարձր եղած է ուղեղի մթագնման յառաջացման վտանգին տարողութիւնը, քան` ընդհանրապէս մեծ տարողութեամբ Քոլին պարունակող ուտելիքներ սպառողներունը:

Մասնագէտները նշած են, որ թէեւ կարգ մը ազդակներ, ինչպէս, օրինակ, սպառուած ուտելիքներուն պարունակած ջերմուժին տարողութիւններն ու կարգ մը կենսանիւթեր (օրինակ` Պէ. 6-ն ու Պէ. 12-ը), ինչպէս նաեւ կարգ մը տեսակի իւղեր, որոշ ազդեցութիւն ունին մարդոց յիշողութեան պահպանման վրայ, այսուհանդերձ, Քոլինը եւս ունի իր ուշագրաւ դերակատարութիւնը նշեալ գործընթացին մէջ:

Մասնագէտ Աու ըսած է, թէ Քոլինը ուղեղին պարունակած քիմիական նիւթերէն ասիթիլքոլին կոչուած նիւթին գլխաւոր բաղկացուցիչն է: Ծանօթ է արդէն, որ ասիթիլքոլինը ուշագրաւ դերակատարութիւն ունի ուղեղին յիշողութեան հետ առնչուած տարբեր գործընթացներուն մէջ:

Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ ասիթիլքոլինի տարողութեան նուազած ըլլալը անմիջականօրէն առնչուած է ալցայմըրի հիւանդութեան յառաջացման հետ:

Մասնագէտները կը յանձնարարեն, որ տղամարդիկ օրական սպառեն այնպիսի՛ ուտելիքներ, որոնց պարունակած Քոլինին տարողութիւնը հասնի հինգ հարիւր յիսուն միլլիկրամի, իսկ կիներու պարագային` չորս հարիւր քսանհինգ միլլիկրամի:

Մասնագէտ Աու ըսած է, որ թէեւ նորագոյն ուսումնասիրութեան միջոցով կարելի եղած է ձեռք ձգել որոշ տուեալներ յիշողութեան պահպանման մէջ Քոլինին ունեցած օգտակարութեան վերաբերող, միւս կողմէ, սակայն, ան անհրաժեշտ գտած է կատարել յաւելեալ փորձարկումներ` նախքան վերջնական եզրակացութիւններ կատարելը:

Մասնագէտ Աու աւելցուցած է նաեւ, թէ ուղեղին առողջութիւնը կախեալ է մարդոց առողջ ապրելակերպէն, որ կը ներառէ հաւասարակշռուած սննդականոնն ու մարմնամարզը, ինչպէս նաեւ` բաւարար քունն ու չծխելը:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Նախորդը

ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ. ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆԸ ԿՐՆԱՅ ԱԶԴԵԼ ԾՆՕՏԻ ՈՍԿՈՐՆԵՐՈՒՆ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ՎՐԱՅ

Յաջորդը

ԱՌԱՒԵԼ ԵՒՍ ԽՈՐԱՑՆԵԼԷ ԵՏՔ ՃԳՆԱԺԱՄԻ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ԹՆՃՈՒԿԸ. «ԱՐԴԵՕՔ ՉԷ՞ ՀՆՉԱԾ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵԼՈՒ ԺԱՄԸ» ՀԱՐՑ ԿՈՒ ՏԱՅ ԼԵՒՈՆ ԶԵՔԻ ԵՏԱԼԵԱՆ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.