Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զաքարիա Միլտանօղլուի Կեանքը Եւ Գործը Հատորի Մը Մէջ

October 12, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ակօս»-ի բազմամեայ աշխատակից եւ մեր սիրելի բարեկամ ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլուի հետ կատարուած երկարապատում զրոյցները հրատարակուեցան հատորի մը ձեւաչափով: Թուրքիոյ Ճարտարապետներու միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղը միջոցէ մը ի վեր կը հրատարակէ այդ ասպարէզէ ներս բազմամեայ աշխատութիւն ծաւալած իր անդամներու կեանքին ու գործին նուիրուած նման աշխատասիրութիւններ: Նախորդ հրատարակութիւններու առանցքը կը կազմէր ենթականերու ճարտարապետական աշխատութիւնները: Միլտանօղլուի օրինակին մէջ կը հանդիպինք աւելի բովանդակալից պատումի մը, քանի որ ան նախ կը ներկայացնէ իր ծնողները, մեծ ծնողները, ծննդավայրը: Այսպիսով, ամբողջական պատկերացում մը կ՛ունենանք Զաքարիա Միլտանօղլու անհատի կեանքը ու գործը ընկալելու: Ինչպէս իրեն սերնդակից համարեա բոլոր հայերուն, Միլտանօղլուի կենսագրութեան մէջ ալ կը տեսնենք Հայոց ցեղասպանութեան անժխտելի ու անհերքելի դրուագները:

Միլտանօղլու բաւականին ծաւալուն դրուագներով կը պատմէ իր աշակերտութեան եւ ուսանողութեան ոդիսականը: Վկայութիւններ կը փոխանցէ իր ու ընտանիքին բնակած Սամաթիա թաղամասէն: Զաքարիայի երիտասարդութիւնը կը զուգադիպի Թուրքիոյ փոթորկալից շրջաններուն, որոնց պատճառով ան կը բանտարկուի եւ կը մատնուի մօտ չորս տարուան ազատազրկութեան:

Միլտանօղլու իր յուշերուն մէջ կը նշէ այդ օրերը, բանտի մէջ գործադրուած տանջանքները եւ մանաւանդ Թուրքիոյ ընդյատակեայ Համայնավար կուսակցութեան անդամակցելու ծանր հետեւանքները: Թուրքիոյ մէջ համատարած համոզում մըն է համայնավարներու հալածանքը, բայց հալածանքները կը կրկնապատկուին, երբ ենթական հայ համայնավար մըն է:

Գիրքին մէջ յատուկ բաժինով մը նշուած է Զաքարիա Միլտանօղլուի ճարտարապետական վաստակը, ուր կ՛ընդգրկուին կազի պահեստանոցները, քաղաքէն հեռու վայրի մը մէջ ոսկերիչներու համար նախատեսուած «Քույումճու քենթ»-ի նախագիծը եւ ապա, Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ընթացքին Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանի ներկայացուցիչ ըլլալով, ունեցած դերակատարութիւնները, պատմական Անիի աւերակներուն, Պեշիկթաշի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ հայ կաթողիկէ Անտոնեան վանքի վերանորոգութիւններուն ըրած նպաստները:

Դարձեալ յատուկ բաժնի մը մէջ կը ներկայացուին անոր Ամիտա, Կեսարիա, Երզնկա, Սեբաստիա, Արտուին, Տրապիզոն, Մարտին, Եդեսիա, Բաղէշ, Եոզղաթ, Ատանա, Անգարա, Նիկոմիտիա, Նիկոսիա, Չանաքքալէ, Պրուսա, Զմիւռնիա, Ամասիա եւ Պոլիս ուղղուած մշակութային շրջագայութիւնները:

Հարկ է նշել, որ սոյն շրջագայութիւններուն մէկ մասը կատարուած է Հայ ճարտարապետներու եւ Ճարտարագէտներու միութեան` ՀայՃարի նախաձեռնութեամբ, որոնց ընթացքին, իբրեւ պատմաբան, շատ կարեւոր ներդրում ունեցած էր «Ակօս»-ի հայերէն էջերու նախկին աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանը:

Բացի այս բոլորէն, Զաքարիա Միլտանօղլու հայ պարբերական մամուլի պատմութիւնը ուսումնասիրող իր գիրքով Թուրքիոյ մէջ այս մասին հետազօտութիւններ ընողներուն համար կարեւորագոյն աղբիւրը դարձած է: Ան նոյնպէս հեղինակած էր Զմիւռնիոյ մասին հատոր մը, որ դարձեալ առաջնահերթ աղբիւր ըլլալով` կ՛օգտագործուի այս քաղաքի պատմութիւնը սերտողներու կողմէ:

 

Նախորդը

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Ժա. Հայկազեանի Հրթիռները

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հեռաւոր Արեւմուտքէն` Դէպի Մօտակայ Հարաւ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.