Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (14 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

February 14, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹԱՏԵՐԱՍԷՐՆԵՐՈՒ
ՔՍԱՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Անցած ուրբաթ երեկոյեան, 9 փետրուար, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շքեղ ընդունելութիւն մը` Համազգայինի Թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբի քսանամեակին առթիւ:

Ընդունելութիւնը սարքուած էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ` ի գնահատութիւն հայ թատրոնի եւ ընդհանրապէս մեր մշակոյթին` Թատերասէրներու բերած քսանամեայ ծառայութեան:

Ընդունելութեան ներկայ էին պետական երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան, Համազգայինի Պէյրութի, Էշրեֆիէի եւ Պուրճ Համուտի վարչութեանց անդամները, համակիրներ, ինչպէս նաեւ` Թատերասէրներու խումբը, իր լրիւ կազմով: Բոլորն ալ` բոլորուած ուիսքիի սեղաններուն շուրջ, ջերմ եւ ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ:

Բացումը կատարեց, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, տոքթ. Եղիկ Գոնեալեան, որ յաջորդաբար խօսք առաւ Սիմոն Վրացեանի, տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի, Կարօ Սասունիի, դերասան Չափրաստի, Ժորժ Սարգիսեանի եւ Հռիփսիմէ Իփէկեանի:

Ս. Վրացեան իր խօսքին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը Թատերասէրներու խումբին դերին` ընդգծելով, որ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը որոշած է անպայման յաջողցնել սեփական թատրոնի մը  ծրագիրը, որ Թատերասէրներու միութեան տարիներու երազը եղած է: Այս առթիւ, ընդհանուր ծափերու մէջ, Ս. Վրացեան ծանոյց, թէ Պէյրութի Ազգային առաջնորդարանը որոշած է իր հողին վրայ կառուցել  ազգային սրահ մը, որ թատերական բոլոր յարմարութիւններով օժտուած պիտի ըլլայ:

Տոքթ. Բ. Փափազեան, վերյիշումներ կատարելէ ետք Թատերասէրներու առաջին տարիներու մասին, շեշտը դրաւ այն նուիրումին վրայ, որ այդ խումբին անդամները ցոյց կու տան հանդէպ հայ թատրոնին: Յարգելի բժիշկը ընդգծեց Ժորժ Սարգիսեանի կատարած դերը` Թատերասէրներու արձանագրած յաջողութիւններուն մէջ, որոնք իրենց ներշնչումը կը ստանան այն բացառիկ անձնաւորութենէն, որ կը կոչուէր Գասպար Իփէկեան:

Կարօ Սասունի, իբրեւ լաւածանօթ կեանքին, Թատերասէրներու քսանամեայ վկան, զանոնք բաղդատեց Թիֆլիսի եւ Պոլսոյ թատերախումբերուն եւ հաստատեց, թէ իբրեւ խումբ` թատերասէրները աւելի փայլուն եղան, մինչ Պոլսոյ եւ Թիֆլիսի մէջ քանի մը մեծատաղանդ դերասաններու շուրջ բեւեռուած էին անխնամ ձգուած դերակատարներ:

Դերասան Չափրաստ, տալէ ետք թատերական արուեստի իր ըմբռնումը, շեշտեց, թէ Թատերասէրներուն յաջողութեան գաղտնիքը հաւանաբար կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ անոնք ժողովուրդին գացած են եւ ապա ժողովուրդը քաշած իրենց` թատրոնի ճաշակն ու սէրը արթնցնելով հասարակութեան մէջ: Այս ուղղութեամբ անոնց կատարած դերը արժանի նկատեց գնահատանքի:

Ժորժ Սարգիսեան, որ Գասպար Իփէկեանի մահէն ետք ոչ միայն գլխաւոր դերակատարն է Թատերասէրներու խումբին, այլ նաեւ` դերուսոյց, շնորհակալութիւն յայտնեց մեծարանքի արտայայտութիւններուն համար եւ շեշտեց, թէ իրենց յաջողութեան եւ յարատեւութեան միակ գաղտնիքն է այն խոր ըմբռնումը, որ Թատերասէրները ունին իրենց առաքելութեան նկատմամբ, այն է` հայը հայ պահել օտար ափերու վրայ, մշակութային արժէքներու դրսեւորումով:

Ի վերջոյ խօսքը տրուեցաւ Հ. Իփէկեանի, որ յատկապէս Պէյրութ հրաւիրուած էր Թատերասէրներու քսանամեակի ներկայացումներուն ներկայ գտնուելու համար: Ակնյայտ յուզումով մը Հ. Իփէկեան ոգեկոչեց  Համազգայինի  մեծ ննջեցեալները` Լ. Շանթ, Ն. Աղբալեան եւ Գ. Իփէկեան, որոնք հիմը դրին Համազգայինի, Ճեմարանի, ու ապա` Թատերասէրներու միութեան, ապահովելով տարագիր հայութեան մշակութային կռուանները: Ջերմ խօսքերով շնորհակալութիւն յայտնեց Թատերասէրներուն, որոնք իր ամուսնոյն գործը կը շարունակեն այնքան ջերմեռանդօրէն, յիշեց նուիրեալ անձինք, որոնք տասնամեակներ առաջ Պէյրութի մէջ հիմը դրին հայ թատերական կեանքին, դժուարին պայմաններու մէջ:

Ընդունելութեան ընթացքին, մէջ ընդ մէջ, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յանպատրաստից յայտագիր մը: Ռ. Մելիքեանի «Կարմիր վարդը» երգեց Ա. Փեհլիվանեան, իսկ Զ. Շանթ երգեց Գ. Սիւնիի «Ինձ մի խնդրիրը»: Խաչիկ Արարատեան արտասանեց Արշաւիր Դարբնիէն երկու առակներ` քծնողի մասին: Իսկ պարսկահայ Սերիոժա Մելիք-Սարգիսեան պարեց երկու հայկական պարեր:

ՆՈՐ ԴՐԱՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

Մօտ ատենէն շրջաբերութեան պիտի հանուին նոր մանրուք դրամներ: Իւրաքանչիւր նկարին ձախ կողմը կը գտնուին երկուեւկէս դահեկաննոցներ, իսկ աջին` մէկ դահեկաննոցներ: Վերի նկարին վրայ` դրամներու «արաբերէն»-ի կողմը, վարը` «ֆրանսերէն»:

Նախորդը

Օդերեւոյթ (14 փետրուար 2012)

Յաջորդը

ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ. ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴՈՑ ՄՕՏ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԺԱՄԵՐ ՔՆԱՆԱԼՈՒ ԵՐԵՒՈՅԹԸ ՄԱՍԱՄԲ ՄԸ ԿԸ ՎԵՐԱԳՐՈՒԻ ԾԻՆԵՐՈՒՆ…

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.