Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փաշինեան Ըսաւ, Որ Պատրաստ Է. Ասիկա Ցոյց Կու Տայ, Թէ Մեր Օրակարգը Արդէն Կ՛ընդունուի» Կ՛ըսէ Ալիեւ

October 6, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ կը զօրակցի Երեւանի հետ «կառուցողական երկխօսութեան»: Ան յիշեցուցած է, որ վերջերս յայտարարած էր Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպելու պատրաստակամութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:

«Ան (Փաշինեանը) եւս ըսաւ, որ պատրաստ է: Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ: Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ մեր օրակարգը արդէն կ՛ընդունուի: Ոմանք կրնան անհանգստանալ այս առնչութեամբ: Սակայն գլխաւորը այն է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հաշտութիւն ըլլայ, այսինքն` խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրուի: Մենք ասիկա կ՛ուզենք», ըսած է Ալիեւ:

«Եթէ հայկական կողմը նոյնպէս քաղաքական կամք ցուցաբերէ, երկու երկիրները պիտի կարենան առանձին լուծել այդ հարցերը` առանց միջնորդներու, եւ շրջանին մէջ կրնայ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն հաստատուիլ», յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Ալիեւ աւելցուցած է, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը այժմ բարձրագոյն մակարդակով յայտարարած է, որ Ազրպէյճանը իրաւունք ունի հաստատուելու Գորիս-Կապան ճամբու որոշ հատուածին մէջ, «որովհետեւ խորհրդային շրջանի քարտէսները ատիկա ցոյց կու տան: Մենք մեր տարածքին մէջ ենք, եւ Հայաստանը այժմ ատիկա կը յայտարարէ: Մէկը կ՛ըսէ, որ մենք խախտած ենք մէկու մը սահմանները, ասիկա ծիծաղելի է: Շրջանին մէջ նոր ժամանակաշրջան կը սկսի»:

Յիշեցնենք, որ Փաշինեան վերահաստատած էր Ազրպէյճանի նախագահին հետ հանդիպելու պատրաստակամութիւնը եւ անդրադարձած գերիները վերադարձնելու ու ականապատ տարածքներու քարտէսներու հարցին: Ան այս մասին յայտարարած էր Վիլնիուսի մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի ընթացքին` պատասխանելով ներկաներէն մէկուն հարցումին:

Նախորդը

Ազրպէյճանական Կողմի Կրակոցէն Վնասուեցաւ Հայկական Բանակի Բեռնատար Մը

Յաջորդը

Իրան Պիտի Մասնակցի Հայաստանի Մէջ Գորիս-Կապան Ինքնաշարժի Ճամբու Այլընտրանքային Մայրուղիի Կառուցման

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.