Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերժ Սարգսեանը` Ալիեւին. «Յիշէ, Որ Ե՛ւ Դուն, Ե՛ւ Հայրդ Պարտուած Էք Հայաստանի Նախորդ Երեք Նախագահներէն Թէ՛ Ռազմի Դաշտին, Եւ Թէ՛ Դիւանագիտութեան Դաշտին Մէջ»

October 2, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խօսելով արդարութեան ճգնաժամի մասին` կ՛ուզեմ շեշտել, որ անիկա թէ՛ ներքաղաքական է, թէ՛ շրջանային: Այս մասին երէկ` 1 հոկտեմբերին, «Հանրապետականներ, շարունակական բարեփոխումներ» խորագիրով խորհրդաժողովի ժամանակ նշեց Հայաստանի երրորդ նախագահ, ՀՀԿ ղեկավար Սերժ Սարգսեան:

«Անարդար է, երբ յարձակողապաշտութեան պատճառով հազարաւոր կեանքեր խլելէ եւ բազմահազար հայեր հայրենազրկելէ ետք այժմ մեզի կը փորձեն թելադրել, այսպէս ըսուած, խաղաղասիրական օրակարգ: Անարդարութենէն ո՛չ ներքին կայունութիւն, ո՛չ ալ արտաքին խաղաղութիւն կրնայ ծնիլ:

Օգտուելով առիթէն կ՛ուզեմ  անդրադառնալ նաեւ Ազրպէյճանի ղեկավարի վերջին յայտարարութիւններուն, որոնք նուիրուած էին թէ՛ ինծի, թէ՛ Հայաստանին: Բոլորդ գիտէք, որ Կովկասի մէջ ինքզինք տղամարդ նկատող անձը իրեն հակառակորդ նկատողին ետեւէն չի խօսիր, չի  բամբասեր, չ՛աքլորանար, իսկ թէ ժամանակին ի՛նչ վիճակի մէջ կը գտնուէր իլհամ Ալիեւը իմ ներկայութեանս, ո՛չ միայն ես շատ լաւ կը յիշեմ, այլեւ համանախագահներն ու անոնց երկիրներու ղեկավարները:

Եթէ ինչ-ինչ ուժեր սկուտեղի վրայ քեզի նուէր կը մատուցեն, յիշէ՛, որ ե՛ւ դուն, ե՛ւ հայրդ, պարտուած էք Հայաստանի նախորդ երեք նախագահներէն թէ՛ ռազմի դաշտի, թէ՛ դիւանագիտութեան դաշտին մէջ:

Դուն բոլորէն լաւ գիտես, որ եթէ չըլլար 2018-ի դուրսի ուժերու մեծ օժանդակութեամբ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութիւնը, ապա դուն քու ականջիդ ետեւը աւելի շուտ կը տեսնէիր, քան Շուշին ու Հատրութը:

Արցախի հարցը լուծուած չէ, քանի տակաւին յստակացած չէ Արցախի կարգավիճակի հարցը եւ քանի տակաւին արցախահայութեան անվտանգութիւնը լրջագոյն սպառնալիքի տակ է ամէն օր եւ ամէն ժամ», ըսած է Սերժ Սարգսեան:

 

Նախորդը

Պաապտայի Մէջ. «Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Կազատարը Փոքր Նորոգութիւններու Կարիք Ունի` Վերստին Գործելու Համար» Շեշտեց Նասրի Խուրի

Յաջորդը

Լաւրով Եւ Միրզոյեան Քննարկած Են Միջազգային Եւ Շրջանային Հարցեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.