Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀ ՈՒԺԵՐ ՊԱՀԱՆՋԵԼԷ ԵՏՔ ԱՐԱԲ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ՀԵՏ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ ԵՒ ԿԸ ԴԱԴՐԵՑՆԷ ԱՐԱԲ ԴԷՏԵՐՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

February 13, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ ժողովէն պահ մը

Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարները երէկ Գահիրէի մէջ գումարեցին ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկեցին Սուրիոյ հարցը: Անոնք իրենց արտակարգ ժողովին ընթացքին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեցին` արաբական եւ ՄԱԿ-ի միացեալ խաղաղապահ ուժեր ուղարկելու Սուրիա: Արաբ նախարարները նաեւ որոշեցին զօրավիգ կանգնիլ սուրիական ընդդիմութեան, անոր հետ հաղորդակցութեան կապեր ստեղծել եւ ընդդիմութեան ամէն տեսակի քաղաքական ու նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել` անոր շարքերը միացնելու համար:

Լիկայի նախարարաց խորհուրդը կոչ ուղղեց միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ մարմիններուն մէջ սուրիական վարչակարգին հետ ամէն տեսակի դիւանագիտական գործակցութիւնը դադրեցնելու եւ սուրիացիներու կեանքին նախանձախնդիր բոլոր պետութիւններէն պահանջեց այս օրինակին հետեւիլ»:

Խորհուրդը ողջունեց 24 փետրուարին «Սուրիոյ բարեկամներու» խորհրդաժողով մը գումարելու Թունուզի հրաւէրը եւ նախանձախնդրութիւն յայտնեց, որ արաբական երկիրները մասնակցին այդ խորհրդաժողովին:

Խորհուրդը որոշեց արաբական եւ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններուն առիթ ընծայել, որպէսզի անոնք կարենան քաղաքայիններուն մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել: Անիկա կոչ ուղղեց սուրիական վարչակարգին դէմ Արաբական լիկային կողմէ հաստատուած պատժամիջոցները կիրարկելու, ինչպէս նաեւ սուրիական բանակին կոչ ուղղեց քաղաքներու եւ շրջաններու պաշարումը վերցնելով վերադառնալու իր զօրանոցները եւ տէր կանգնելու քաղաքայինները պաշտպանելու իր պատասխանատուութեան:

Արաբական լիկայի նախարարներու խորհուրդը կոչ ուղղեց անմիջապէս եւ ամբողջական կերպով դադրեցնելու բոլոր բռնարարքներն ու սուրիացի անմեղ քաղաքայիններու սպանութիւնները եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարէն պահանջեց Արաբական նախաձեռնութեան ծիրին մէջ առաջարկուած քաղաքական հոլովոյթին հետեւելու համար յատուկ պատուիրակ մը նշանակել: Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու պատուիրակութեան նախագահը երէկ իր հրաժարականը ներկայացուց եւ արաբ նախարարները ոչ միայն ընդունեցին անոր դիմումը, այլ նաեւ որոշեցին վերջ տալ Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու պատուիրակութեան առաքելութեան:

Լիբանան, Ալճերիա եւ Իրաք Արաբական լիկայի նախարարաց խորհուրդին որդեգրած վերոնշեալ որոշումին նկատմամբ վերապահութիւն յայտնեցին: Սուրիա մերժեց Արաբական լիկայի որոշումները:

Նիստի ընթացքին Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը դէպի քաղաքացիական պատերազմ կ՛ուղղուի, ինչ որ Սուրիոյ եւ շրջանին համար վտանգաւոր է: Ան ըսաւ, որ անհրաժեշտ է Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ երկխօսութիւն եւ համակարգում կատարելէ ետք դարձեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին դիմել: Ան նշեց, որ շաբաթ առաւօտեան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովէն ստացած է պատգամ մը, որուն մէջ յստակ դարձած է, թէ ռուսական կեցուածքին մէջ փոփոխութիւն մը կատարուած է: «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Արապի այսօր չինական բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը հետ Սուրիոյ հարցը պիտի քննարկէ:

Քաթարի վարչապետ շէյխ Համատ պըն Ժասեմ իր հակիրճ խօսքին մէջ ողջունեց Թունուզի պահանջով Սուրիոյ բարեկամներու ժողովի մը գումարման գաղափարը` նշելով, որ իր երկիրը իր ամբողջ ուժով պիտի աշխատի այդ խորհրդաժողովի յաջողութեան համար:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը կոչ ուղղեց Դամասկոսի դէմ վճռական միջոցառումներ որդեգրելու եւ ընդդիմութեան հետ կապեր հաստատելու: Ան հարց տուաւ, որ «ապահովութեան պահպանումը ամբողջ թաղամասերու քանդում կը պահանջէ՞» եւ «մինչեւ ե՞րբ սուրիական վարչակարգին իրերայաջորդ առիթներ կարելի է տալ»:

Միւս կողմէ, ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ատանայի մէջ թրքական դատարան մը սուրիական բանակէն դասալիք եղած Հիւսէյն Հարմուշի` սուրիական իշխանութեանց արտայանձնման հարցով հրամայած է ձերբակալել 5 անձեր, որոնց շարքին թրքական գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի անդամ մը` «քաղաքական լրտեսութեան» եւ «զոհերը իրենց ազատութենէն զրկելու» ամբաստանութեամբ:

Ատանայի դատախազութեան գրասենեակը ուրբաթ օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշած էր, որ գնդ. Հարմուշ եւ Մուսթաֆա Քասեմ Ալեսքանդրէթի գաղթակայան իրենց կեցութեան ընթացքին «դիտմամբ» սուրիական ապահովական մարմիններուն արտայանձնուած են:

Մինչ այդ, Կազայի մէջ տասնեակ մը պաղեստինցիներ սուրիական ընդդիմութեան զօրակցող ցոյց մը կատարեցին` բարձրացնելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը դատապարտող պաստառներ:

Միւս կողմէ, Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆա գերմանական «Տեր Շփիկըլ» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ասատին տրուելիք լաւագոյն խրատը սուրիացի ժողովուրդի ձայնին ականջ տալն է:

 

Նախորդը

ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

Յաջորդը

ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.