Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամբանական` Սարհատ Գարակէօզեանի Յիշատակին

October 2, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Սարհատս գնաց, անմար յիշատակը մնաց:

Սարհատս կ՛ըսեմ, որովհետեւ ան բոլորիս Սարհատն էր: Համեստ, ազնիւ, աշխատասէր ու ընկերային իր խառնուածքով, բոլորիս կողմէ ցանկալի զաւակի մը օրինակելի կերպար էր:

Իւրաքանչիւր ծնող պիտի ուզէր նման զաւակի մը յարգանքին արժանանալ, նման զաւակի մը ազնուութիւնն ու համեստութիւնը վայելել:

Իր կարեւորագոյն յատկանիշներէն մէկը ընկերասիրութիւնն էր: Ամէնէն հպանցիկ մտերմութիւնն ու ծանօթութիւնն անգամ կ՛ընկալէր իբրեւ անդաւաճան ընկերութիւն: Իսկ իրեն համար ընկերասիրութիւնը սկիզբ ունէր, բայց վերջ չունէր: Սարհատին ընկերասիրութեան աստիճանը չէր նուազեր ո՛չ ժամանակի եւ ո՛չ ալ աշխարհագրական հեռաւորութեան վրայ: Պատանեկան տարիներէն ի վեր Լիբանանի մէջ ձեռք բերած ընկերութիւնը կը շարունակէր նոյն աստիճանի վրայ մնալ` անկախ աշխարհագրական հեռաւորութենէն ու անցած տարիներէն: Ան նոյն հաւատարմութեամբ կը տագնապէր Լիբանանի իր ընկերներու դիմագրաւած դժուարութիւններով ու կ՛ուրախանար անոնց յաջողութիւններով:

Դաշնակցականի բարոյական արժէքին հաւատարիմ էր իր ընկերասիրութեամբ: Աւելի՛ն. իրեն համար ընկերասիրութիւնը չէր ընկալուեր միայն դաշնակցական ընկերոջ հանդէպ տածած սիրով, այլ` ոեւէ հայու կամ նոյնիսկ օտարի, եթէ արժանացած էր իր ընկերը դառնալու բախտին:

ՀՄԸՄ-ական Սարհատը «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը վերածած էր ապրելակերպի: Առանց տատամսելու` միշտ պատրաստ էր անսակարկ օգնութեան ձեռք մեկնելու, ուր որ անոր կարիքը կը զգար: Չարութեան մասին բնաւ չէր մտածեր, իրեն համար կեանքը բարի ցանկութիւններու ողջ շղթայ մըն էր պարզապէս:

Սարհատին հայրը` ընկեր Յարութը, ինծի պատմած է այն մասին, որ նորածին Սարհատը դեռ բարուրին մէջ իր հօր եւ մօր հետ եղած է Պէյրութի ակումբներուն մէջ: Այս մէկ փաստը ինքնին բաւարար է գտնելու Սարհատի մարդկային ու դաշնակցական արժանիքներուն ողջ գաղտնիքը: Ինչպէ՞ս կրնար Պէյրութի նման հայաշունչ գաղութի հայաբոյր ակումբի ջերմ մթնոլորտին օդը շնչած երեխան չդառնար ընկերասէր, ազգասէր ու հայրենասէր երիտասարդ, ինչպիսին էր Սարհատը:

Սարհատ քիչ կը խօսէր եւ կ՛ատէր շատախօսութիւնը: Բայց տարբեր առիթներով ունեցած ենք զրոյցներ, ուր շատ պարզ տեսած եմ, թէ ինչպէ՛ս իր ծննդավայրի արմատներուն կառչած` կը տագնապէր այնտեղի հայութեան խնդիրներով ու դիմագրաւած դժուարութիւններով: Վերջին զրոյցներէն մեկուն նիւթը Հայաստանի ու Արցախի վերջին իրադարձութիւններն էին, ու ես տեսայ, թէ ինչպէ8ս սակաւախօս ընկեր Սարհատը ոչ միայն կը տիրապետէ անցուդարձերու յետին մանրամասնութիւններուն, այլ յստակ, ճիշդ, պարզ ու արմատական տեսակէտ ունի իւրաքանչիւր խնդրի հանդէպ: Այստեղ եւս կ՛ընդգծուէր երիտասարդ մեր ընկերոջ համեստութիւնը. իր պարզ ու յստակ կեցուածքները կ՛արտայայտէր, բայց` հարցումի ձեւակերպումով, որպէսզի յանկարծ անզգուշ մեծամտութեան տպաւորութիւն չստեղծէ դիմացինին մօտ: Իր անուանակից ֆետայիի նկարագրին հաւատարիմ մնալով, հայրենասէր էր` առանց ցուցամոլութեան, արմատական տեսակէտ ունեցող էր` առանց մեծամտութեան, օգնող ու ծառայասէր էր` առանց ակնկալութեան, ընկերասէր ու ազնիւ էր` առանց սակարկութեան:

Այսօր հաւաքուած ենք հրաժեշտ տալու մեր երիտասարդ ընկերոջ ֆիզիքական ներկայութեան, բայց իր կարճ կեանքով ընկեր Սարհատը մեզի համար է՛ր ու կը մնայ Դաշնակցութեան բարոյական արժէքներու պատմութենէն եկած ընկերասիրութեան, համեստութեան ու ծառայասիրութեան իբրեւ կենդանի օրինակ, ծնողքի, ընկերոջ, ընտանիքի, հայրենիքի ու ազգի հանդէպ սիրոյ խորհրդանիշ:

Այսպիսին է Սարհատ Գարակէօզեանի ձգած աւանդը, մեզի փոխանցած յիշատակը: Ատոր համար ըսի` Սարհատս գնաց, անմար յիշատակը մնաց:

(Կարդացուած` թաղման օրը)

Նախորդը

Ամմօ (Սարհատին)

Յաջորդը

Մեր Կորուստները. Կենսագրական Տեղեկութիւններ` Մանուէլ Հալլաճեանի Մասին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.