Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Մտահոգուած Է «Գորշ Գայլեր»-Ու Մասին Կէտով. Անգարան Յոյսով Է, Որ Ուաշինկթըն Միտքը Կը Փոխէ

October 1, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան մտահոգուած է այն հանգամանքով, որ թուրք ազգայնականներու «Գորշ գայլեր» կազմակերպութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ կրնայ ընդգրկուիլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ այս մասին յայտարարութիւն կատարած է:

«Մենք կը ցաւինք, որ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ հաւանութեան արժանացած` պաշտպանութեան մասին ազգային օրէնքի փոփոխութիւններու բնագիրին մէջ կայ կէտ մը, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն կը պահանջէ հաշուետուութիւն պատրաստել, թէ արդեօք «Գորշ գալեր»-ը ահաբեկչական կազմակերպութի՞ւն է, թէ՞ ոչ: Թէեւ օրէնքի վերջնական բնագիրը տակաւին հաստատուած չէ, բայց եւ այնպէս խիստ տագնապալի է, որ անհիմն մեղադրանքներ բովանդակող եւ Միացեալ Նահանգներու հետ մեր վաղեմի դաշինքին չհամապատասխանող այդ խնդրանքը ընդունուած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին (Ներկայացուցիչներու տան, «Ա.») կողմէ», նշուած է Պիլկիչի յայտարարութեան մէջ:

Անոր համաձայն, ատիկա հակաթրքական լոպիի փորձերէն է, որոնց սկիզբը կ՛աջակցէին Եւրոպայի, իսկ այժմ նաեւ Միացեալ Նահանգներու որոշ շրջանակներ:

«Ատիկա նախ եւ առաջ կը վնասէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին: Բոլոր երկիրները, որոնք անկեղծօրէն կը հակազդեն ահաբեկչութեան, յատկապէս մեր դաշնակից Միացեալ Նահանգները, պէտք է վճռականօրէն պայքարին իրական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ ներառեալ ՔԱԿ-ը եւ ՖԵԹՕ-ն (իսլամական քարոզիչ Ֆեթուլլահ Կիւլենի կազմակերպութիւնը «Ա.»)… Այլ երկիրներու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ կողմնակալ մօտեցումները անթոյլատրելի են», յայտարարած է Պիլկիչ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը աւելցուցած է, թէ Անգարան կ՛ակնկալէ, որ այդ կէտը չներառուի օրէնքի վերջնական բնագիրին մէջ, եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ թրքական համայնքի կարծիքի արտայայտման ազատութիւնը սահմանափակելու որեւէ փորձ պիտի կանխարգիլուի:

Յիշեցնենք, որ 24 սեպտեմբերին հաղորդուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը հաւանութիւն տուած է Պաշտպանութեան մասին ազգային օրէնքին մէջ շարք մը փոփոխութիւններու: Այդ փոփոխութիւններուն համաձայն, 180 օրուան ընթացքին արտաքին գործոց նախարարը պէտք է մանրամասն տուեալներ ներկայացնէ թրքական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան մասին: Մասնաւորաբար արտաքին գործոց նախարարութեան պէտք է ներկայացուին դէպքեր, երբ այդ կազմակերպութեան գործունէութիւնը հակասած է Միացեալ Նահանգներու, անոր դաշնակիցներու եւ գործընկերներու ազգային շահերուն: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է նաեւ վերլուծում ներկայացնէ, թէ արդեօք այդ ծայրայեղ ազգայնական կազմակերպութիւնը ահաբեկչական կը նկատուի՞: Հակառակ պարագային արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է մանրամասն կերպով հիմնաւորէ իր կարծիքը:

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Պրոնզաձոյլ Կիսանդրիի Տեղադրում` Համանուն Երիտասարդական Կեդրոնին Մէջ

Յաջորդը

Լափիտ Այցելեց Պահրէյն Եւ Բացումը Կատարեց Իսրայէլի Դեսպանատան

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.