Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանի Դիմագրաւած Ընկերային Տագնապալի Իրավիճակին Հիմնական Պատճառներն Են Փտածութիւնն Ու Լիբանանը Շրջանային Պատերազմներու Մեղսակից Դարձնելը»

October 1, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այցելեց Տնտեսական ընկերային խորհուրդի կեդրոնատեղի, ուր ընդունուեցաւ խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտի, ինչպէս նաեւ խորհուրդի ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ ընկերային արդարութիւնը չի նշանակեր, որ բոլոր մարդ արարածները իրարու հաւասար են` աւելցնելով, որ Աստուած մարդիկը իրարմէ տարբեր ստեղծած է:

«Անկարելի է, որ բոլորը նոյն դասակարգի մարդիկ ըլլան, սակայն իբրեւ մարդ արարածներ բոլորը հաւասար են իրենց արժանապատուութեան եւ քաղաքացիական տարրական իրաւունքներուն մէջ, հետեւաբար բնական արդարութիւնը Աստուծոյ ստեղծածը կ՛ըլլայ, իսկ ընկերային արդարութիւնը կը նկատուի անհատներուն եւ ընկերութիւններուն միջեւ ընկերային տարբերութիւններուն մեղմացումը», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ առանց պարտաւորութիւններու իրաւունքներ չկան` աւելցնելով նաեւ, որ հակառակը եւս ճիշդ է:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային տագնապալի իրավիճակին հիմնական պատճառներն են փտածութիւնն ու Լիբանանը շրջանային պատերազմներու մեղսակից դարձնելը, որուն պատճառով Լիբանանի դէմ արաբական եւ միջազգային շրջափակում պարտադրուեցաւ:

Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց անյագութիւնը, չարաշահումն ու նախորդ կառավարութիւններուն կողմէ ռազմավարական որեւէ ծրագիրի չգոյութիւնը` երկիրը տագնապներէ փրկելու իմաստով:

Ան մաղթեց, որ Տնտեսական ընկերային խորհուրդը կարենայ յստակ ռազմավարութիւն մը մշակել եւ բոլոր մարզերուն հետ գործակցաբար աշխատիլ երկիրը փլուզումէ փրկելու եւ արտագաղթը կասեցնելու համար:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց նաեւ, որ զիրենք կը մտահոգէ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն ու պաղեստինցի գաղթականներուն ընթացքը եւ Լիբանանի վրայ անոնց պարտադրած ծանր բեռը:

Այս շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը անհրաժեշտ նկատեց լուծել պաղեստինցի գաղթականներուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց սուրիացի տեղահանուածներուն` տունդարձ կատարելու եւ հետեւելու իրենց երկրին պատմութեան ու մշակոյթին: «Մենք ամենայն սիրով կը խնդրենք ձեզմէ տունդարձ կատարել, որովհետեւ այլապէս դուք երկրորդ պատերազմ մը կատարած կ՛ըլլաք` քանդելով ձեր մշակոյթն ու պատմութիւնը», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:

 

Նախորդը

Եաթերի Մէջ. Հըզպալլա Վար Առած Է Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն «Լազարտ» Ընկերութենէն Պահանջեց Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Բանակցութիւնները Վերսկսելու Առնչութեամբ Խորհրդատուութիւնը Շարունակել

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.