Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսան Եւ Յունաստանը Փոխադարձ Պաշտպանութեան Համաձայնագիր Ստորագրած Են

September 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն ու Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը Փարիզի Էլիզէի պալատին մէջ սպառազինութիւններու ձեռքբերման ու փոխադարձ պաշտպանութեան համաձայնագիրի ստորագրումը յայտարարած են:

«Կրիք Սիթի Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահը համաձայնագիրին ստորագրութիւնը բնութագրած է իբրեւ վերջին 18 ամիսներու աշխուժ համագործակցութեան գագաթնակէտը:

Յունաստանի վարչապետը իր կարգին համաձայնագիրի ստորագրութեան օրը կոչած է «պատմական օր` Յունաստանի եւ Ֆրանսայի համար»:

«Երկու երկիրները արդէն զարգացուցած են ամուր յարաբերութիւններ, որոնք դուրս են Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի յարաբերութիւններէն», ըսած է Քիրիաքոս Միցոթաքիս:

Յունաստանի կառավարութեան ղեկավարը յայտարարած է, որ նախապէս յայտարարուած ֆրանսական արտադրութեան 24 «Ռաֆալ» կործանիչներէն բացի Յունաստան այսօր ծովուժի համար երեք նոր յածանաւ գնած է Ֆրանսայէն ու համաձայնութիւն գոյացուցած յաւելեալ յածանաւ մը ձեռք բերելու վերաբերեալ:

Յունական մամուլը չի յայտներ, թէ Յունաստան նշեալ սպառազինութեան դիմաց որքա՛ն վճարած է: Նախապէս` սպառազինութիւններու գնման առաջին փուլին յայտարարուած էր, որ 6 նոր եւ 12 գործածուած «Ռաֆալ» կործանիչներու գնման համար Յունաստանը Ֆրանսային վճարած էր 2,5 միլիառ եւրօ:

Յիշեցնենք, որ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս 13 սեպտեմբերին յայտարարած էր Ֆրանսայէն «Ռաֆալ» կործանիչներ գնելու եւ «Միրաժ 2000» կործանիչները անոնցմով փոխարինելու մասին: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ իր երկիրը նաեւ պիտի գնէ 4 յածանաւ, նաւատորմիղի համար 4 ուղղաթիռ, եւ յաւելեալ 4 յածանաւ ալ պիտի վերանորոգուին:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Կը Սպառնայ Թուրքիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Հաստատել Ռուսիոյ Հետ Նոր Գործարքին Պատճառով

Յաջորդը

«Պայտըն Խոստացաւ, Որ Մեզ Աֆղանները Լքածին Պէս Չլքէ» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Դեմոկրատական Ուժերու Հրամանատարը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.