Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Խաչի Եւ Պետականութիւնը Խորհրդանշող Դրօշներու Առաջնորդութեամբ Սկսաւ Երթը Դէպի Եռաբլուր

September 27, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 26 սեպտեմբեր 2021-ին, Երեւանի Գարեգին Նժդեհի հրապարակէն Սուրբ խաչի եւ պետականութիւնը խորհրդանշող դրօշներու առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքին կազմակերպած ջահերով երթը դէպի Եռաբլուր զինուորական պանթէոն` խոնարհելու համազգային երազանքներու իրագործման համար պայքարին ընթացքին ինկած մեր որդիներու եւ եղբայրներու շիրիմներուն առջեւ:

Երթին կը մասնակցէին Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեանը, «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը, խմբակցութեան պատգամաւորները: Երթին միացան բազմաթիւ քաղաքացիներ:

«Այս քայլերթին նպատակն է արձանագրել` մենք տէրն ենք մեր նահատակներու թափած արեան, իրենց գաղափարին ու նուիրումին շնորհիւ գոյութիւն ունեցող մեր պետականութեան: Կան շատ ու շատ հայորդիներ, որոնք գիտակցելով մեր պետականութեան, ժողովուրդին առջեւ ծառացած այս դժուարին կացութեան, շարունակողն են այն պայքարին, որ դարերէ ի վեր մղած են մեր փառապանծ նախնիները, շարունակեցին արցախեան վերջին պատերազմի մեր հերոսները: Համոզուած ենք` Հայաստանն ու Արցախը այս վիճակին հասցնող ոչ մէկ մարդ անպատիժ պիտի մնայ, մեր պայքարը պիտի շարունակուի»,  յայտարարուեցաւ քայլերթէն առաջ:

Երթը ընթացք առաւ լուռ, միայն բարձրախօսով կը հնչէին 44-օրեայ պատերազմին զոհուած հայորդիներուն անունները:

«Հայաստան» դաշինքի նախաձեռնած երթ-մոմավառութիւնը հասաւ Եռաբլուր: Այդտեղ հնչեց Տէրունական աղօթք: Եկեղեցականները հոգեւոր կարգ մատուցեցին: Քահանայի յորդորով, երթին մասնակիցները իրենց ձեռքի վառ կանթեղները տեղադրեցին նահատակներու շիրմաքարերուն վրայ:

Նախորդը

«Արցախն Ապրում Է». Ջահերթ Ստեփանակերտի Մէջ

Յաջորդը

Կիպրոսի Նախագահը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Ամպիոնէն Հարց Կու Տայ. «Ո՞ր Երկիրը Բռնագրաւուած Պահած Է Կիպրոսը, Ո՞ր Երկիրը Միջամտած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.