Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կ՛ողջունեն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը

September 27, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահները հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշած են. «ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահները` Իկոր Խովայեւը (Ռուսիա), Ստեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըրը (Միացեալ Նահանգներ) Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿի 76-րդ Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ:

«Ինչպէս նաեւ կայացած է արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ միացեալ հանդիպումը: Համանախագահները կ՛ողջունեն 2020 թուականի նոյեմբերէն ի վեր առաջին հանդիպումը` իբրեւ երկու երկիրներու վճռականութեան նշան` վերսկսելու խաղաղ հոլովոյթը ուղիղ երկխօսութեան միջոցով, որ ուղղուած է շրջանին մէջ անվտանգութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման:

«Միջնորդները, իրենց լիազօրութեան համապատասխան, կը վերահաստատեն կողմերուն հետ աշխատելու հաւատարմութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուած եւ ատկէ բխող բոլոր մնացեալ հարցերուն համապարփակ լուծման համար:

«Միջնորդները շօշափելի, նպատակաուղղուած քայլեր առաջարկած են իրավիճակի լարուածութեան մեղամացման եւ հետագայ հաւանական քայլերու վերաբերեալ»:

Լը Տրիան Եւս Կ՛ողջունէ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան կարեւոր քայլ կը նկատէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին միջեւ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը: Ան այս մասին գրառում կատարած է «Թուիթըր»ի վրայ:

«Ներկայիս լարուածութեան մասին խօսած եմ Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախարարներուն հետ: Երէկ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ պատերազմէն մէկ տարի ետք, դրական քայլ է», նշած է Լը Տրիան` ընդգծելով, որ իրենք կը շարունակեն ամուր խաղաղութեան համար ջանքերը:

 

 

Նախորդը

«Գորիս-Կապան Ճամբան Պէտք Է Աշխատի Առանց Ընդհատումներու» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանատունը

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամներու Եւ Մարզային Կոմիտէներու Ներկայացուցիչներու Մասնակցութեամբ Խորհրդակցութիւն

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.