Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եոաննա Վրոնեցքա Այցելեց Պաշտպանութեան, Արդարութեան, Ելեւմուտքի Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարներուն

September 25, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմի հետ եւ շնորհաւորեց զայն իր նոր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի տրամադրած օժանդակութիւնները, յատկապէս լիբանանեան բանակին տրամադրուած օժանդակութիւնն ու անցեալ երեքշաբթի օր լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան եւ «Փարիզ»-ի խորհրդաժողովին մասնակից բանակին օժանդակող երկիրներու դեսպաններուն մակարդակով տեղի ունեցած ընդարձակ հանդիպումին արդիւնքները:

Հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Վրոնեցքա եւ Սլիմ ընդգծեցին ՄԱԿ-ի եւ պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Եոաննա Վրոնեցքա հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ արդարութեան նախարար Հանրի Խուրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան դատական իշխանութեան դերակատարութիւնը եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Վրոնեցքա հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին արագ հետաքննութիւնը պիտի ըլլայ անկախ եւ աշխուժ դատական իշխանութիւն ունենալու չափանիշը:

Վրոնեցքա այցելեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլի, որուն հետ քննարկեց տնտեսական ու ելեւմուտքի տագնապները եւ լիբանանցիներուն վրայ անոնց ունեցած հետեւանքները:

Հանդիպումի ընթացքին կարեւոր նկատուեցան բարեկարգումներու գործադրութեան քայլերը, որպէսզի կարելի ըլլայ ընկերային կայունութիւն հաստատել, ինչպէս նաեւ ընկերային ապահով ցանց մը ստեղծել, մինչեւ որ կարելի ըլլայ տնտեսական եւ ելեւմտական կացութեան ամբողջական ապաքինում ապահովել:

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները:

Վրոնեցքա շնորհաւորեց Պու Հապիպը եւ հաստատեց ՄԱԿ-ի ու արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ աշխուժ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան կարեւորութիւնը:

Վրոնեցքա նախարարին ներկայացուց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գործունէութեան յառաջիկայ երկու տարուան ծրագիրները` ընդգծելով, որ իրենք պիտի կեդրոնանան Լիբանանի կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու կարեւորութեան վրայ, պիտի ընդառաջեն ՄԱԿ-էն պահանջուած օժանդակութիւններուն, ինչպէս նաեւ պիտի հետեւին արտերկրի լիբանանցիներուն եւ երիտասարդներուն կողմէ այդ ընտրութիւններուն մասնակցութեան:

Վրոնեցքա նշեց, որ Պու Հապիպի հետ քննարկած է նաեւ Լիբանանի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր` աւելցնելով, որ գործակցութեան սկիզբը հոյակապ կարելի է նկատել:

Նախորդը

Իզէտտին Ներկայացուց Ընտրական Օրէնքի Բարեփոխման Առաջարկ Մը` Կիներու Ներկայացուցչութեան Մասնաբաժինին Վերաբերող

Յաջորդը

Հացի Տագնապի Սեմին Չենք Գտնուիր

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.