Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախագահ Միխայէլ Պոկտանով երէկ Մոսկուայի մէջ ընդունեց երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէն` ընկերակցութեամբ նախկին նախարարներ Եուսեֆ Սաատէի եւ Միշել Նաժժարի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Անոնք մաղթեցին, որ Լիբանանը կարենայ դուրս գալ իր դիմագրաւած տագնապէն, յատկապէս` նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք:
Հանդիպումին ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ ռուսական դերակատարութիւնը` շրջանին մէջ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու առումով:



