Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտալլա Պու Հապիպ Սուրիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Հեռանկարները Եւ Շնորհաւորագիր Մը Ստացաւ Իրանցի Իր Պաշտօնակիցէն

September 24, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որ շնորհաւորեց զինք եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ստանձնած նոր պաշտօնին համար:

Ալի ընդգծեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ գործակցութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Ալի հաստատեց լիբանանեան-սուրիական եղբայրական յարաբերութիւնները պահպանելու կարեւորութիւնը:

Ան նշեց, որ եգիպտական, յորդանանեան, սուրիական եւ լիբանանեան գործակցութիւնը չորս երկիրներու շահերուն կը ծառայէ:

Պու Հապիպ շնորհաւորագիր մը ստացաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանէն:

Ապտոլլահեան շեշտեց, որ Իրան միշտ կը զօրակցի Լիբանանին` կառավարութեան եւ ժողովուրդին:

Արտաքին գործոց նախարարին այցելեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան: Քննարկուեցան լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները, Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը, լիբանանեան բանակին օժանդակութիւններն ու Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններուն վերաբերող հարցեր: Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրաքի նոր նշանակուած դեսպան Հայտար Պարաքը, որմէ ստանձնեց իր հաւատարմագիրը:

Արտաքին գործոց նախարարութեան այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ճիան Մինճիանը, որ յայտնեց, թէ Չինաստան Լիբանանին տրամադրած է «Քորոնա» ժահրի դէմ 300 հազար պատուաստ:

Միւս կողմէ, լիբանանեան-չինական դիւանագիտական յարաբերութիւններուն 50-ամեակին առիթով Պու Հապիպ ընդգծեց այդ յարաբերութիւններուն ամրապնդման կարեւորութիւնը:

Պու Հապիպի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպան Մարթին Եիթերվիքը.  քննարկուեցաւ Լիբանանի եւ Նորվեկիոյ միջեւ ուժանիւթի, կազի եւ նաւթի մարզերուն շուրջ գործակցութիւնը:

Քննարկուեցաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը, որուն շրջագիծին մէջ նաեւ սերտուեցան այն մարդասիրական օժանդակութիւնները, զորս Նորվեկիա կրնայ տրամադրել անոնց:

Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խոսէ Մարիա Ֆերին, որ շնորհաւորեց Պու Հապիպը եւ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Պու Հապիպ նախանցեալ օր նախագահեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումին անուղղակի բանակցութիւնները վարող լիբանանեան պատուիրակութեան հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուեցան յանձնախումբին մշակած ծրագիրն ու ռազմավարութիւնը, որոնք պիտի ներկայացուէին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին:

Նախորդը

Մաուլաուի. «Սէուտական Արաբիոյ Ապահովութեան Սպառնացող Ամէն Տեսակ Վտանգ, Յատկապէս Թմրեցուցիչի Մաքսանենգումը Արգիլելու Յանձնառու Եմ»

Յաջորդը

Քանաան. «Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Ելեւմուտքի Նախարարութեան Եւ Կեդրոնական Դրամատան Հետ Պիտի Գումարենք Նիստ Մը»

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.