Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2021 Թուականի 9-րդ Թիւը

September 17, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լոյս տեսաւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի այս տարուան 9-րդ թիւը:

Պաշտօնաթերթի «Առաջնորդող»-ին մէջ յիշուած է, որ այսուհետեւ մեզի համար սեպտեմբերը կարեւոր պիտի համարուի Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան օրերուն, ինչպէս եւ` 44-օրեայ ողբերգական պատերազմի սկզբի ամսաթիւերով:

«Դրօշակ»-ի սոյն թիւին հրապարակումները գլխաւորաբար կը վերաբերին այս պատմական իրադարձութիւններուն: Պատմաբան Էդիկ Մինասեանի ծաւալուն հրապարակումով ան անդրադարձ է Արցախի անցած ուղիին` 1988 թուականէն մինչեւ մեր օրերը: Քաղաքական, զինուորական եւ դիւանագիտական զարգացումներու մանրամասն վաւերագրմամբ համակողմանիօրէն կը ներկայացուի Արցախի մէջ եւ անոր շուրջ տեղի ունեցած հերոսական ու ողբերգական իրադարձութիւններով յագեցած 30-ամեայ գործընթացը: Հայկական երկրորդ պետութեան առնչուող ներկայ քաղաքական, դիւանագիտական գործընթացներու մէջ տարբեր երկիրներու` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը ներկայացնող միջնորդ կողմերու դիրքորոշումները կը ներկայացուին ԵՊՀ իրանագիտութեան ամպիոնի աշխատակիցներ Լիանա Պետրոսեանն ու Արտեոմ Տօնոյեան:

«Դրօշակ»-ի այս թիւին մէջ ներկայացուած են շարք մը այլ նիւթեր եւս, որոնք անդրադարձ են յօշոտուած եւ ճակատագրական փորձութեան առջեւ յայտնուած Արցախին:

Այս եւ հետագայ քանի մը համարներու մէջ «Դրօշակ»-ի պարտքն է համարի մէջ անդրադառնալու վերջին պատերազմին անմահացած հերոս տղոց փաղանգին:

Վերլուծաբան Հրանտ Մելիք Շահնազարեան կ’անդրադառնայ հայկական պետութիւններու անվտանգութեան ներկայ վիճակին եւ հեռանկարի յոյժ օրախնդիր թեմային: Ներկայացուած են շարք մը առաջարկներ:

Պետականութիւններու նիւթին հետամուտ պատմաբան Անի Մելքոնեան կ’անդրադառնայ հայոց պետականութիւններու պատմութեան` մեզի յայտնի առաջին այդպիսի կազմաւորումներէն սկսեալ մինչեւ մեր օրեր:

«Դրօշակ»-ի մէջ տեղ գտած են այլ հրապարակումներ եւս, որոնք կ’արժանանան ընթերցողի ուշադրութեան:

Նախորդը

Թադէոս Յակոբեանի «Պատմական Հայաստանի Քաղաքները»

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ե՞րբ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպասուող Յեղափոխութիւնը

October 9, 2026
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.  Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս  Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն
Անդրադարձ

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն

October 9, 2026
Թատրոնի «Խենթերը» Կատակերգական Ներկայացումով Վարագոյրը Բաց Կը Պահեն…
Անդրադարձ

Թատրոնի «Խենթերը» Կատակերգական Ներկայացումով Վարագոյրը Բաց Կը Պահեն…

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.