Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանեան Օրաթերթ Մը Իշխանութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղէ Բարձրացնելու Ազրպէյճանական Բեռնակառքերու Համար Տարանցիկ Տուրքը

September 16, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանեան «Ճաւան» օրաթերթը հրապարակած է «Պաքուի յանցագործութիւնը Իրանէն Կովկաս հաղորդակցութեան ճամբուն վրայ» խորագիրով յօդուածը, որուն մէջ նշուած է Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ ազրպէյճանական անցարգելներու տեղակայման վայրը:

Յօդուածին մէջ կ՛ընդգծուի, որ Հայաստան կորսնցուցած է Ազրպէյճանի վրայ ճնշման բոլոր լծակները եւ չի փորձեր նորերը ստեղծել: Ազրպէյճանը, ընդհակառակն, հին խորհրդային քարտէսներէն մեկնելով, յարձակած է Հայաստանի տարածքին վրայ եւ, ի լրումն ճնշման նախկին լծակներու, վերահսկողութիւն հաստատած Հայաստան-Իրան ճամբու 20 քիլոմեթր հատուածին վրայ: «Իր լրջութիւնն ու լծակի ուժը ցոյց տալու համար ան երկու օրով սահմանափակած էր ցամաքային ճամբան Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ», կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:

Կը նշուի, որ ազրպէյճանական անցարգելներու տեղադրման վերաբերեալ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարները պարզապէս յայտարարած են, թէ խնդիրներ չկան. անցարգելները ստեղծուած են Ազրպէյճանի հսկողութեան տակ գտնուող տարածքի մէջ: Ընդգծուած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը յատուկ քայլերու չի ձեռնարկեր խնդիրը ջնջելու ուղղութեամբ, միւս կողմէ` Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ եւս յատուկ քայլեր չկան:

Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Պաքուի գործողութիւններուն նպատակներէն է Իրանին ստիպել հրաժարիլ Հայաստանի տարածքով տարանցումէն յօգուտ Ազրպէյճանի տարածքի` յառաջացնելով կախեալութիւն: Եթէ Իրանը ճիշդ ձեւով չօգտուի Նախիջեւան-Պիլեսուվար ճամբայէն եւ չբարձրացնէ ճանապարհային տուրքը, ապա Ազրպէյճանի ոճրագործութիւնները պիտի շարունակուին:

Նախորդը

Սէուլ Կը Յայտնէ, Որ Հիւսիսային Քորէան 2 Թեւաւոր Հրթիռ Արձակած Է

Յաջորդը

«ՀԱՊԿ-ը Աֆղանիստանի Հետ Սահմանի Կացութեան Սրման Պարագային Տաճիկիստանին Անհրաժեշտ Զինուորական Օգնութիւն Պիտի Տրամադրէ» Կ՛ըսէ Զաս

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.