Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Դարձեալ Յայտարարած Է, Որ Ի Վիճակի Չէ Գաղթականներու Նոր Ալիք Ընդունելու

September 16, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին այլ հարցերու կողքին անդրադարձած է աֆղան գաղթականներու խնդիրին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթին:

Զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Աֆղանիստանէն գաղթականներու հարցին` Էրտողան նշած է, որ Թուրքիան ի վիճակի չէ կրելու այդ նոր ներգաղթին բեռը:

Ան նշած է նաեւ, թէ ոչ ոք կ՛ուզէ, որ Աֆղանիստանի գաղթականներու պարագային ըլլայ այն, ինչ որ եղաւ 2015 թուականին սուրիացի գաղթականներու ալիքի պարագային:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կողմերը քննարկած են Թուրքիա-Գերմանիա, Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու, Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար Եւրոպական Միութեան մուտքի դրութեան ազատականացման ուղղութեամբ Թուրքիոյ կողմէ ակնկալուող քայլերու վերաբերեալ շարք մը հարցեր:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն եւս անցեալ ամիս յայտարարած էր, որ Թուրքիան մտադիր չէ ապաստան տրամադրել աֆղան գաղթականներուն:

Թալեպանները Թուրքիոյ Հետ Լաւ
Յարաբերութիւններ Կ՛ուզեն Ստեղծել

Թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Աֆղանիստանի ժամանակաւոր կառավարութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Էմիրհան Մութթաքի յայտարարած է, որ Թալեպան շարժումը շահագրգռուած է Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու հարցով:

Ան նշած է, որ Աֆղանիստանի ներկայ իշխանութիւնները կապի մէջ են Թուրքիոյ կառավարութեան հետ:

«Մենք Թուրքիայէն աջակցութիւն կ՛ակնկալենք Աֆղանիստանի ժողովուրդին եւ օժանդակութիւն ենթակառուցային աշխատանքներու իրականացման գործին մէջ, նախ եւ առաջ Քապուլի օդակայանի վերագործարկման համար: Այս հարցերուն շուրջ մենք կապի մէջ ենք Թուրքիոյ հետ: Մեր բանակցութիւնները կրնան մօտիկ ապագային աւարտիլ», Քապուլի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է ան:

Նախորդը

Մըսթըր Լայզա

Յաջորդը

«Ռուսիան Թալեպան Շարժումին Որեւէ Նախապայման Չի Ճշդեր, Սակայն Կը Հետեւի, Թէ Ինչպէ՛ս Իր Խոստումները Կը Գործադրէ» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.