Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԲՈՂՈՔԱԳԻՐ ՄԸ ՅՂԱԾ Է

February 11, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրացական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Վրաստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Իոսիֆ Շաթպերշվիլի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ իր կուսակցութիւնը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն բողոքագիր մը յղած է:

Ան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Աճարիոյ ինքնավար հանրապետութեան մէջ մշակութային, տնտեսական եւ կրօնական ծաւալապաշտութիւն կը կատարէ: «Այդ մասին կը վկայեն Վրաստանի մէջ թուրքերու կողմէ հողերու, գոյքի, գործառնութեանց ձեռքբերումը, թրքալեզու ուսումնական հաստատութիւններու բացումը, եւ ամէնէն կարեւորը` Պաթումի մէջ մզկիթի կառուցման համար նպատակաուղղուած ջանքերը», ըսած է Շաթպերաշվիլի` աւելցնելով,  որ այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ այնպիսի իրավիճակի մը մէջ, երբ Թուրքիոյ մէջ վրացական մշակութային յուշարձանները իբրեւ բիւզանդական կը ներկայացուին եւ կը քանդուին:

Վրացական կուսակցութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ այդ ամէնը անյարգալից վերաբերմունքի դրսեւորում է Վրաստանի պետականութեան նկատմամբ: «Ատիկա մեր տարածքներուն մէջ տնտեսական եւ կրօնական ծաւալումի կոպիտ փորձ է», նշած է ան:

Վերջերս Անգարայի մէջ Վրաստանի մշակոյթի նախարար Նիքա Ռուռուայի հետ հանդիպումէն ետք Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ յայտարարած էր, որ իրենք համաձայնութիւն գոյացուցած են Վրաստանի մէջ մզկիթ կառուցելու հարցին մէջ: Ան յայտնած էր, որ «վրացական կողմը պատրաստ է մեզի յատկացնելու տեղ, ուր նոր մզկիթ պիտի կառուցենք»` աւելցնելով, որ Թուրքիան նաեւ իր վրայ պարտաւորութիւն վերցուցած է վրացի մասնագէտներու մասնակցութեամբ եւ հսկողութեամբ վերանորոգելու «Օշկի» վանքն ու Իշխան գիւղի տաճարը:

Վրացական «Վրաստանին ծառայէ՛» շարժումի ղեկավար Մուրման Տումպածէ անդրադառնալով Պաթումի մէջ թրքական նոր մզկիթ կառուցելու լուրին յայտարարած էր, որ «մենք դէմ չենք Աճարիոյ կամ Վրաստանի այլ հատուածի մէջ գտնուող որեւէ մզկիթի վերանորոգումին, սակայն նոր մզկիթի կառուցման կտրականապէս դէմ ենք: Մենք` Պաթումի բնակիչներս, կը յայտարարենք, որ հազիւ նոր մզկիթ կառուցուի, զայն քարշակներով պիտի քանդենք»:

 

 

Նախորդը

ՄԱՄԼՈՅ 66-ՐԴ ԼՍԱՐԱՆ. «ՆԻՒԹԵՐ ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ» 8-ՐԴ ՀԱՏՈՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Յաջորդը

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ՍԿՍԱԾ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՊԱՏ ԿԱՌՈՒՑԵԼ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.