Ազրպէյճանի մէջ ընթացք առած են այդ երկրի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի մասնայատուկ ուժերու միացեալ ռազմափորձերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, 12 սեպտեմբերին ընթացք առած ռազմափորձերը պիտի տեւեն մինչեւ 20 սեպտեմբեր:
«Երեք եղբայր-2021» խորագիրը կրող ռազմափորձերուն հիմնական նպատակը, որուն կը մասնակցին երեք երկիրները, կը հանդիսանայ ստորաբաժանումներու միջեւ փոխադարձ գործակցութեան բարելաւումը, ինչպէս նաեւ պատրաստուիլը գործողութիւններու` խաղաղ եւ պատերազմական իրավիճակներու մէջ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:



