Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ երկարաժամկէտ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սլավեն Պելուփոյի (Խրուաթիա) 16 տարեկան միջնապահ Լովրօ Զվոնարեքի հետ, այս մասին յայտնեց միւնիխեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ անոր պայմանագրութիւնը ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 յուլիս 2022-էն սկսեալ:
Մինչեւ Պայէրն փոխանցուիլը, ան պիտի շարունակէ հանդէս գալ այժմու իր կազմին հետ:
Անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 30 հազար եւրոյով:



