Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Մահացած Այնճարցի Արուեստագէտներու` Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի, Տոքթ. Արթօ Նիքոլեանի Եւ Վրէժ Թասլաքեանի Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէս

September 11, 2021
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին եւ գործակցաբար «Այնճար արթ կելըրի»-ին, հինգշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մուսալեռցի նորոգ հանգուցեալ արուեստագէտներու` Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանի, տոքթ. Արթօ Նիքոլեանի եւ Վրէժ Թասլաքեանի յիշատակին գեղանկարչական ցուցահանդէսը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քենտիրճեանը, որ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին եւ «Այնճար արթ կելըրի»-ի անունով բարի գալուստ մաղթեց եւ խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել նորոգ հանգուցեալ մուսալեռցի երեք արուեստագէտներուն յիշատակը: Ապա ան յայտնեց, որ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի առիթով տէր եւ տիկին Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեաններ նախաձեռնողը եղան ստեղծելու եւ քաջալերելու մուսալեռցի արուեստագէտները` անոնց տրամադրելով եւ հանրութեան ներկայացնելով բարենպաստ արուեստի միջավայր մը, սատար հանդիսանալով Այնճարի կրթական հաստատութիւններուն:

Ն. Քենտիրճեան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով, որ սրահին մէջ ներկայացուած հաւաքական նկարչական գործերը կը պատկանին մուսալեռցի 20 արուեստագէտներու:

Ապա այս երեկոյին պատգամախօս դոկտ. Մովսէս Ծիրանին առցանց ներկայացուց նորոգ հանգուցեալ մուսալեռցի արուեստագէտներուն բեղուն գործունէութիւնը, ուր ան ըսաւ, որ մուսալեռցին միջազգային հանրութեան տուած է բազմաթիւ բանաստեղծներ, ազգային եւ քաղաքական գործիչներ, կրօնականներ, լրագրողներ, որոնց շարքին կան կերպարուեստագէտներ (քանդակագործներ եւ գեղանկարիչներ): Իր խօսքը շարունակեց ամփոփ կենսագրականները ներկայացնելով արուեստագէտներուն` հայր Յարութիւն Պզտիկեանը` իբրեւ գեղանկարիչ,Վրէժ Թասլաքեանը` իբրեւ ճարտարապետ, գեղանկարիչ եւ ջրանկարիչ, իսկ Յարութիւն Նիքոլեանը (տոքթ. Արթօ), որ մասնագիտութեամբ բժիշկ էր, սակայն արուեստի հաւաքածոյ ունեցող, բծախնդիր եւ պարտաճանաչ մարդ էր, որ հետագային դարձած էր գեղանկարիչ:

Իր խօսքի աւարտին Մովսէս Ծիրանի հաստատեց, որ այս երեք ստեղծագործողները, որոնք այսօր արդէն անդենական աշխարհին մէջ են, եւ որոնք կը մեծարուին «Այնճար արթ կելըրի»-ին կողմէ, մաս կը կազմեն Մուսա Լեռի, հայկական , լիբանանեան եւ միաժամանակ միջազգային մշակոյթներուն: «Մենք` իբրեւ մուսալեռցի, հպարտ ենք իրենցմով, եւ անոնք յաւերժ պիտի մնան ու գոյատեւեն սերունդէ սերունդ», յայտնեց Ծիրանի:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Յասմիկ Այնթապլեանն ու Սեւատա Անտոնեանը` նուագելով կոմիտասեան մեղեդիներ:

Գեղարուեստական բաժնին յաջորդեցին վկայութիւններ` նորոգ հանգուցեալ արուեստագէտներուն մասին: Եսայի Հաւաթեան ներկաներուն ծանօթացուց Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանը, ապա Յովհաննէս Թասլաքեան վկայեց Վրէժ Թասլագեանի մասին, իսկ արուեստագէտ Գօգօ Կարապետ ներկայացուց տոքթ. Արթօ Նիքոլեանը:

Աւարտին տոքթ. Արթօ Նիքոլեանի կինը` Էմմա Նիքոլեան, իրականացնելով հանգուցեալ ամուսնոյն փափաքը,  երկու գեղանկարներ նուիրեց Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան եւ Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարաններու տնօրէններուն:

Այնուհետեւ ներկաները շրջեցան սրահին մէջ` մուսալեռցի-այնճարցի արուեստագէտներուն գեղանկարերը դիտելով, զրուցելով եւ հիւրասիրութիւնը վայելելով:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Յոյս Կա՞յ. Այո՛, Կայ. Փանոս Քէշիշեանի Օրինակը

Յաջորդը

Այնճարը Համահայկական Արժէք Է, Եւ Անոր Հայեցի Դիմագիծի Պահպանումը` Առաջնահերթութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.