Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՓԱՐԻԶ. ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՕՐԷՆՔԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ` ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ 4 ՄԱՅԻՍԻ ՆԻՍՏԻՆ

March 31, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4 մայիսին Ֆրանսայի Ծերակոյտը իր ընդհանուր նիստի օրակարգին վրայ քննարկման կէտ ներառեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ օրինագիծը, որ 2006-էն ի վեր սառած կը մնայ Ծերակոյտին մէջ:

12 հոկտեմբեր 2006-ին Ֆրանսայի խորհրդարանը իբրեւ օրէնք-որոշում քուէարկած է այս հարցը եւ բնականաբար ըստ կանոնի զայն ուղարկած` Ծերակոյտ, որ իր կարգին պէտք է ընդունի, որմէ ետք միայն օրինագիծը կը վաւերացուի եւ կը ստանայ օրէնքի ուժ:

Բողոքի բազմաթիւ ցոյցերով Ֆրանսայի հայութիւնը Ծերակոյտէն պահանջած է քննարկման օրակարգի վրայ բերել այս հարցը եւ վերջ տալ ձգձգումին:

Վերջին ցոյցը` 12 մարտին, եղաւ արդիւնաւէտ:

Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ Մարթին Օպրի` անսալով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խիստ պահանջին, գրաւոր խոստում տուաւ հարցը առաջին իսկ առիթին ներառել օրակարգի վրայ: Երէկ, Ընկերվարական կուսակցութիւնը պաշտօնական դիմումով պահանջեց Ծերակոյտի նախագահէն` օրակարգի վրայ ներառել այս կէտը: Որոշուեցաւ 4 մայիսի ընդհանուր նիստին քննարկել այս օրակարգը:

Ընկերվարական կուսակցութեան մօտ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ֆրանսայի ղեկավարութեան յամառ ու հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ միայն կարելի դարձաւ նման յուժ կարեւոր քաղաքական ձեռքբերում: Ըստ ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեանի, «ներկայ դրութեամբ թեր քուէարկութեան մը հաւանականութիւնը մեծ չէ, պարզապէս որովհետեւ Ծերակոյտի մեծամասնութիւնը, ինչպէս նաեւ` Ազգային ժողովի եւ իշխանութեան պարագաները աջակողմեան համախմբումին կը պատկանին, այսուհանդերձ քաղաքականութեան մէջ քարացած երեւոյթներ չկան անպայման ու մետասաներորդ պահուն նոր գործօններ կրնան շրջել որեւէ կացութիւն»:

Ինչ կը վերաբերի իրերու զարգացման հոլովոյթին, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան կ՛ըսէ, թէ նախագահական ընտրութեան կայ ուղիղ մէկ տարի եւ այս հանգամանքը իշխող մեծամասնութեան թէ ընդդիմադիր ճակատին համար հաւասարապէս նկատառելի տուեալ է ու անտեսելի չէ երբեք:

Հետեւաբար պահն է, որ իւրաքանչիւր կողմ վերցնէ իր պատասխանատուութիւնը:

Նշենք, որ Ֆրանսա միակ երկիրն է, ուր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը օրէնքով հաստատուած է եւ հետեւաբար ունի օրէնքի ուժ: Այս կէտը կարեւոր օղակ է ժխտողականութեան դէմ օրէնքի ընդունման համար:

 

 

 

Նախորդը

ԱՍԱՏ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ԴԱՒԸ ՁԱԽՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵԼ

Յաջորդը

ՀԱՅ ՏՆՏԵՍԱԳԷՏԸ ՄԵՐԺԵՑ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.