Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վեց Պաղեստինցիներ Փախուստ Տուին Իսրայէլեան Խստագոյն Բանտէն` Ժալպուհէն

September 7, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ վեց պաղեստինցի գերիներ յաջողած են երէկ արշալոյսին փախուստ տալ բռնագրաւեալ Պիսան քաղաքին մօտ գտնուող Ժալպուհ բանտէն, որ ըստ օրաթերթին, կը նկատուի իսրայէլեան բանտերուն խստագոյնը:

Իսրայէլ յայտարարեց, որ ոստիկանութիւնը ընդհանուր զօրակոչի ենթարկուած է եւ կ՛որոնէ փախուստ տուած գերիները` խուզարկելով Այսրյորդանանի հիւսիսին եւ Յորդանանին մօտիկ եղող գիւղերն ու գիւղաքաղաքները:

Կը կարծուի, որ պաղեստինցի գերիները յաջողած են փապուղի մը փորել` խոյս տալու համար բանտէն: Անոնց անյայտանալուն մասին յայտնի դարձած է առաւօտեան ժամը չորսին:

Պաղեստինեան Իսլամական Ժիհատ շարժումէն աղբիւր մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մահմուտ Ապտալլա Արետան Ժալպուհ բանտին մէջ Ժիհատի գերիներուն էմիրն է, եւ ինքն է գերիներու փախուստի գործողութեան ղեկավարը»: 46 տարեկան Արետա ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած է:

«Գերիներուն փախուստը իսրայէլեան բանակին եւ Իսրայէլի մէջ ամբողջ վարչակարգին մեծ հարուած մը կը ներկայացնէ», ըսաւ աղբիւրը` աւելցնելով, որ «հերոսական» արարքը «ցնցում պիտի յառաջացնէ իսրայէլեան ապահովական համակարգին մէջ:

Համաս շարժումի բանբեր Ֆաուզի Պարհում իր կարգին յայտնեց, որ փախուստի գործողութիւնը «շարք մը գերիներու` հակառակ ապահովական բարդութիւններուն իրենց ազատութիւնը խլելուն, հերոսական ու քաջարի արարք է»` աւելցնելով, որ ատիկա «յաղթանակն է մեր հերոս գերիներու կամքին ու վճռակամութեան»:

Նախորդը

«Ահաբեկչական Խմբաւորումներու` Հիւսիսային Իրաքը Իրանի Դէմ Օգտագործելը Անընդունելի Է, Եւ Պատշաճ Կերպով Պիտի Հակադարձենք» Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը

Յաջորդը

Չինաստանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանը Պաշտօնը Ստանձնելէ Օրեր Ետք Մահացած Է

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.