Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Կը Դատապարտէ Յարձակումը. Թալեպան Շարժումը Փանժշիր Նահանգին Ամբողջութեամբ Տիրելը Կը Յայտարարէ. Դիմադրութեան Ուժերը Կը Հերքեն

September 7, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թալեպան շարժումի բանբեր Զապիհուլլա Մուժահետ յայտարարեց, որ մայրաքաղաք Քապուլի հիւսիսը գտնուող աֆղանական Փանժշիր նահանգը ամբողջութեամբ կը գտնուի շարժումին վերահսկողութեան տակ:

Մուժահետ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Փանժշիր նահանգին մէջ թշնամիի վերջին ամրոցը ամբողջութեամբ գրաւուեցաւ, եւ Փանժշիր նահանգը ամբողջութեամբ ենթարկուեցաւ Թալեպանի քաղաքական վարչակարգի իսլամական էմիրութեան»:

Ան նշեց, որ կարգ մը ըմբոստներ ճակատամարտի դաշտին վրայ պարտութեան մատնուած են եւ ուրիշներ փախուստի դիմած:

Թալեպան շարժումը շրջանի բնակիչներուն վստահեցուց, որ հետապնդումի պիտի չենթարկուին:

«Փանժշիր նահանգին վրայ վերահսկողութեան հաստատումէն ետք Աֆղանիստանի մէջ պատերազմը պաշտօնապէս աւարտեցաւ», յայտարարեց Մուժահետ:

Ազգային դիմադրութեան ճակատը իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով հերքեց թալեպաններու յայտարարութիւնը` նշելով. «Դիմադրութեան ճակատի ուժերը ներկայ են բոլոր ռազմավարական դիրքերուն վրայ` հովիտի ամբողջ երկայնքին… Մենք Աֆղանիստանի ժողովուրդին կը վստահեցնենք, որ թալեպաններու եւ անոնց գործընկերներուն դէմ պայքարը պիտի շարունակուի, մինչեւ արդարութեան եւ ազատութեան հաստատումը»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց. «Փանժշիրէն մեր լսած լուրերը մեզ կը մտահոգեն, եւ կը դատապարտենք այս շրջանին վրայ երէկ գիշերուան յարձակումը»:

«Պէտք է յստականան երէկուան յարձակումին մէջ արտաքին միջամտութիւններու պնդումները, եւ Աֆղանիստանի պատմութիւնը փաստեց, որ այս երկրին մէջ արտաքին միջամտութիւնները ձախողութեան կը մատնուին», նշեց Խաթիպզատէ:

Յիշեցնենք, որ Փանժշիր նահանգին մէջ Ազգային դիմադրութեան ճակատին ու Թալեպան շարժումին միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցան:

Փանժշիր լեռնային նահանգը ծագումով տաճիկ զինուորական-քաղաքական ղեկավար Ահմետ Մասուտի ղեկավարած Ազգային դիմադրութեան ճակատի ուժերուն ամրոցն էր:

Միւս կողմէ, Թալեպան շարժումէն պաշտօնատար մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Թուրքիոյ, Չինաստանի, Ռուսիոյ, Իրանի, Փաքիստանի եւ Քաթարի հրաւէր ուղղեցինք մասնակցելու անկախութեան հռչակման օրուան»:

 

 

Նախորդը

«Թեհրանի Եւ Ռիատի Միջեւ Բանակցութիւններու 4-րդ Փուլի Կայացումը Կախեալ Է Երկու Կողմերուն Համար Յարմար Ժամկէտէն» Կ՛ըսէ Ինայաթի

Յաջորդը

Պաքուն Եւ Մոսկուան Կը Շարունակեն Արցախի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներու Լիազօրութեան Շուրջ Համաձայնութեան Գոյացումը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.