Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Ընդառաջ

September 6, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը կիրակի, 5 սեպտեմբեր 2021-ին Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ առիթ դարձաւ, որ մեր ուշադրութիւնը անգամ մը եւս սեւեռենք հայ համայնքի իրավիճակին: Լիբանանի մէջ պետութիւնը փլուզման ընթացք որդեգրած է: Տարի մը առաջ, 4 օգոստոս 2020-ի պայթումին իբրեւ հետեւանք կառավարութեան հրաժարումէն ետք, յաջորդական երեք նշանակեալ վարչապետներ չեն յաջողած կառավարական դահլիճ մը կազմել: Պարբերաբար յուսատու լուրեր կը հրապարակուին, կը թուի, որ մօտեցած է հանգուցալուծումը, սակայն ի դերեւ կ՛ելլեն յոյսերը, եւ կը վերադառնանք սկզբնական կէտին: Ի՞նչ է տարակարծութեան էութիւնը. դժուար է յստակօրէն բանաձեւել զայն, մեզի` հասարակ քաղաքացիներուս համար անկարելի: Կարելի է կռահել միայն, որ շրջանային ռազմաքաղաքական տուեալներ, քաղաքական կողմնորոշման հակասութիւններ, համայնքային հակադրութիւններ եւ անձերու հակամարտութիւններ ստեղծած են այնպիսի թնճուկ մը, որ հանրապետութեան նախագահն ու նշանակեալ վարչապետը չեն յաջողիր քակել:

Այս պայմաններուն տակ անիշխանութիւնը կ՛արմատանայ, ազգային արժոյթի արժեզրկումը կը շարունակուի, հիմնական կարիքները կը չքանան շուկայէն կամ աստղաբաշխական գումարներ կ՛արժեն, ելեկտրականութիւնն ու այլ վառելանիւթերը պերճանքի կը վերածուին, դեղերը անգտանելի կը դառնան: Շարքը կրնանք անվերջ երկարել, որովհետեւ ամէն օր ծագող արեւին հետ նոր պակասորդ մը կ՛աւելնայ:

Լիբանանցիին կենցաղը վերածուած է անվերջ արգելարշաւի մը: Աղքատութիւնը եւ ծայրայեղ աղքատութիւնը այլեւս համատարած բնոյթ կը կրեն: Լիբանանցիին պէտք չունինք նկարագրելու ստեղծուած կացութիւնը, քանի որ ամէնօրեայ կեանքը հարազատ թարգմանն է տնտեսական ու ընկերային այն փլուզումին, որուն միաժամանակ ականատես ու ակամայ գործողն է քաղաքացին:

Լիբանանի հայ համայնքը եւս, բոլոր լիբանանցիներուն նման զոհն է ստեղծուած կացութեան: Հայ համայնքին համար, ընտանիքներուն ու անհատներուն մտալլկիչ վիճակին դարման գտնելու անյետաձգելի անհրաժեշտութեան կողքին, կա՛յ նաեւ ազգային կառոյցները պահպանելու հրամայականը: Լիբանանահայ գաղութը ամբողջ սփիւռքին մտաւորական ու կազմակերպական ուժ հայթայթած է: Օժանդակած է Արցախին ու Հայաստանին: Նման դեր կրցած է խաղալ Լիբանանի հայ գաղութը շնորհիւ ազգային, կուսակցական, քաղաքական, ընկերային, մշակութային, մարզական իր կեդրոններուն, միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն ու կառոյցներուն: Շնորհիւ մասնաւորաբար որակեալ դպրոցական ցանցին, որ տարիներով հայեցի դաստիարակութիւն ստացած ու ազգային ապրումներով տոգորուած սերունդներ շնորհած է հայութեան:

Ո՛չ, կարելի չէ թոյլ տալ, որ հարիւրամեակի մը ընթացքին կատարուած ներդրումներով կառուցուած այս շէնքը փուլ գայ: Եթէ կարելիութիւն ունենայինք արտերկրային այս փոքրիկ Հայաստանը փոխադրել իրական Հայաստան, զայն յօրինողներու երազանքը կ՛իրականանար. սակայն ափսո՜ս, այդ կարելիութիւնը առայժմ իրականանալի չէ: Կը մնայ ուրեմն, որ ազգովին լծուինք Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը պահպանելու աշխատանքին` յուսալով, որ այս տագնապն ալ, ինչպէս ամէն տագնապ, ի վերջոյ լուծում մը կ՛ունենայ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետը Հայաստանի մէջ անցանկալի մօտեցումներու արագ անդրադարձէ մը ետք, լիբանանահայ գաղութը մինակ չձգելու ուժեղ ու գործնական միջոցառումներ հրապարակեց:

Լսենք այս յուսադրիչ պատգամը եւ իւրաքանչիւրս ընենք մեր կարելին ի խնդիր լիբանանահայութեան վերականգնումին:

 

 

Նախորդը

Ապտակը

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Յայտարարեց Կաթողիկոսութեան Մեծագումար Մասնակցութիւնը Լիբանանահայութեան Վերականգնման 5 Ծրագիրներու

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.