Իտալական Ա. Սէ. Միլանի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Օլիվիէ Ժիրու վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս մասին յայտնեց միլանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
34 տարեկան ֆութպոլիստը, որ ինքնամեկուսացուեցաւ, բաւական լաւ առողջական վիճակի մէջ է:
Նշենք, որ ան նախորդ յուլիսին անգլիական Չելսիէն տեղափոխուեցաւ Ա. Սէ. Միլան:



