Սլովենիացի անուանի եւ փորձառու իրաւարար Տամիր Սքոմինա, պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու իր արհեստավարժ ասպարէզին:
45 տարեկան Սքոմինա ծունկի վնասուածքի պատճառով չէր կրցած իր մասնակցութիւնը բերել «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:
Սլովենիական մարզական մամուլը յայտնեց, որ ան յառաջիկային վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի:
Նշենք, որ ան իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսաւ 1994-ին:



