Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Առանց Որեւէ Նախապայմանի Ազատ Արձակելու Հայ Գերիները

September 1, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ իր հանդիպումի աւարտին նշած է, որ հանդիպումի ընթացքին առանձին ուշադրութիւն դարձուած է Անդրկովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման եւ մանրամասն կերպով քննարկուած է Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան իրագործման ընթացքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Թերթ»-ը:

«Համաձայնած ենք չթուլացնել ուշադրութիւնը Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններուն մէջ փոխադարձ խնդրայարոյց հարցերու վերացման ուղղուած ջանքերուն առնչութեամբ, ներառեալ հայ գերիներու վերադարձը, ինչպէս նաեւ ականապատումի քարտէսներու փոխանցման հարցերու վերջնական կարգաւորումը: Հաստատած ենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հետագայ գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը: Կարծիքներ փոխանակած ենք նաեւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիի սահմաններէն դուրս, ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ:

«9 նոյեմբերի յայտարարութեամբ նշուած է, որ պէտք է ազատ արձակուին այն պատերազմական գերիները, որոնք այդ պահուն եղած են: Այժմ ազրպէյճանցիները կը պահեն զգալի խումբ մը հայ զինուորներու, որոնք այնտեղ յայտնուած են նոյեմբերի վերջը` յայտարարութեան ուժի մէջ մտնելէն ետք: Բայց եւ այնպէս, Ռուսիոյ նախագահը բոլոր հաղորդակցութիւններուն մէջ, ներառեալ Իլհամ Ալիեւի հետ, այդ ազդակը կ՛ուղարկէ: Ազրպէյճանական կողմին կոչ կ՛ուղղենք առանց նախապայմաններու ազատ արձակելու բոլորը: Ատիկա նշանակալի քայլ պիտի ըլլար այն վստահութեան հաստատման համար, որուն կարիքը այս պահուն կայ: Ատիկա կարեւոր մարդասիրական քայլ պիտի ըլլար», ըսած է Լաւրով` ընդգծելով Հայաստանի կողմէ իբրեւ պատասխան քայլ ականապատումի քարտէսներու տրամադրումը:

«Կը մեկնինք այն հանգամանքէն, որ բոլոր հարցերը անհրաժեշտ է լուծել բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական մեթոտներով, իսկ երկարաժամկէտ կարգաւորումը կարելի է միայն սահմանազատման եւ սահմանագծման միջոցով: Ռուսիոյ նախագահին նախաձեռնութիւնը այս հարցով շատ յայտնի է: Այսօր քննարկած ենք` ինչպէս ապահովել ատոր արագ իրագործումը: Վերահաստատած ենք մեր պատրաստակամութիւնը ամէն կերպով աջակցելու այդ հոլովոյթին», ըսած է Լաւրով:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ընդգծած է, որ ռուսական կողմը «գոհ է փոխադրամիջոցային ուղիներու ապաշրջափակման ուղղուած եռակողմ աշխատանքային խումբի աշխատանքէն, որ կ՛ընթանայ երեք երկիրներու փոխվարչապետներուն նախագահութեամբ»:

«Ապաշրջափակումը պիտի նպաստէ Անդրկովկասի մէջ ո՛չ միայն տնտեսական աճին, այլ նաեւ պիտի ապահովէ առաւել յուսալի հիմքեր ամբողջ շրջանի ծաղկման եւ քաղաքական լուծման համար: Մենք գոհ ենք բանակցութիւններու ընթացքէն», աւելցուցած է Լաւրով:

Նախորդը

Եւրասիական Դրամատունը Կ՛ուզէ Հայաստանի Տնտեսութեան Մեծագոյն Վարկատուներէն Մէկը Դառնալ

Յաջորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Մեր Օրակարգը Կը Շարունակէ Մնալ Նոյնը` Արցախի Եւ Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Վերահաստատումը»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.