Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան խորհրդարանին մէջ նախագահեց յանձնախումբի նիստին` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնիի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 5 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն շարքին էր թիւ 151 հրամանագիրին հիման վրայ ճշդուած ամերիկեան տոլարին համաձայն լիբանանեան դրամանիշի սակի ճշդումին հարցը:
Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը վաւերացուց կարգ մը օրինագիծեր, որոնց շարքին 1200 միլիառ լ. ոսկիի գումարը, որ պիտի յատկացուի պետական հաստատութիւններուն եւ վարչութիւններուն` անոնց անմիջական ծախսերը հոգալու համար:
Քանաան յայտնեց, որ այդ գումարը, որ այսօր միայն 60 միլիոն տոլարի համազօր է, առաջնահերթութիւն պիտի ընծայէ առողջապահութեան, դեղորայքին, վառելանիւթին, ինչպէս նաեւ զինուորական եւ կրթական մարզերուն:
Ան հաստատեց, որ այս իմաստով կողմնակալութիւն կարելի չէ կատարել` աւելցնելով, որ ո՛չ պետութեան իրավիճակը կը ներէ եւ ո՛չ ալ բարոյական արժէքները:
Քանաան հաստատեց, որ մերժելի է, որ լիբանանեան դրամանիշի 5 տեսակի սակ գոյութիւն ունենայ` աւելցնելով, որ յանձնախումբը հինգշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2021-ին պիտի գումարէ նիստ մը` սերտելու համար այս հարցը, թէեւ իր իրաւասութիւններուն շրջագիծին մէջ չի գտնուիր վերջնական սակ մը ճշդելու իրաւունքը:
«Իբրեւ խորհրդարան մեր պարտականութիւնն է եւ իրաւունքը հարց տալ եւ պատասխանատուներէն պատասխաններ ստանալ: Այս առիթով ալ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարէն խնդրեցինք ամբողջական պատկերով մը ներկայանալ յաջորդ նիստին», ըսաւ ան:
Քանաան ցաւ յայտնեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը իր պարտականութիւնները կատարելու իմաստով կը զլանայ, իսկ ելեւմուտքի նախարարութիւնը այս իմաստով ձեռնածալ չի կրնար մնալ:



