Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Լիբանանեան Բանակը` «Բարձունքներու Արշալոյս»-ը Յաղթական Ճակատամարտին Քառամեակին Առիթով

August 31, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Բարձունքներու արշալոյս»-ը ճակատամարտի եւ արձանագրուած յաղթանակին քառամեակին առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ դրուատեց ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին յաղթանակը, որ արձանագրուեցաւ 30 օգոստոս 2017-ին:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ այս ճակատամարտի յաղթանակը ազգային եւ ապահովական նուաճում է` աւելցնելով, որ այդ յաղթանակը կարելի պիտի չըլլար իրականացնել, առանց լիբանանցիներուն պաշտպանութեան ի խնդիր թափուած արեան եւ լիբանանեան բանակի զոհաբերութիւններուն:

«Այս ճակատամարտին յաղթանակը կարելի եղաւ ապահովել շնորհիւ լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն գործակցութեան, որուն հիմամբ կարելի եղաւ բացայայտել ահաբեկչական ցանցերն ու բջիջները եւ վերջ տալ անոնց գործունէութեան ամբողջ երկրին տարածքին», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն զգուշանալու ահաբեկչական որեւէ քայլէ կամ ծրագիրէ, որ կը միտի խանգարել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կամ չարաշահել երկրին դիմագրաւած տնտեսական դժուար պայմաններն ու մարտահրաւէրները:

Նախագահ Աուն նշեց, որ ահաբեկչական այդ ծրագիրներուն նպատակը պիտի ըլլայ ստեղծել յաւելեալ քաոս եւ իրարանցում` իրագործելու համար արտաքին նպատակներ:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունեց  ներկայ փուլին ապահովութեան ուժերուն վարուելակերպը, ինչպէս նաեւ անոնց հսկայական զոհողութիւնները, որոնք ի գործ կը դրուին երկրին եւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը պահպանելու համար` նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած պատմական այս զգայուն իրավիճակը:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն նեցուկ կանգնելու բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն, որպէսզի պղտոր ջուրերուն մէջ ձկնորսութիւն կատարել փափաքողներուն քայլերը եւ լիբանանցիներուն բնականոն առօրեան վերահաստատելու փորձերը արգելակողներուն աշխատանքը ի դերեւ հանեն:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց գրառում մը, որուն ընդմէջէն յայտնեց, որ այս առիթով բանակը կը յիշէ իր նահատակները, որոնց թափած արեամբ կարելի եղած է բռնագրաւուած լեռնաշղթան ազատութեան գօտիի վերածել եւ ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակ արձանագրել:

Բանակի հրամանատարութիւնը ընդգծեց, որ իրենք արթուն պիտի հսկեն ահաբեկչութեան բջիջներուն, որոնք կը փորձեն երկրին մէջ տիրող պայմանները շահագործել` դարձեալ երեւան ելլելու նպատակով:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Շեշտեց Տեղեկատուութեան Մարզի Կարեւորութիւնը` Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը Պաշտպանելու Առումով

Յաջորդը

1915 Թուականէն Ի Վեր Առաջին Անգամ Պատարագ Մատուցուած Է Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.