Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին երկու անուանի ակումբները` Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ յաղթանակներ արձանագրեցին:
Պարսելոնա, որ հիւրընկալեց Կեթաֆէն, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Սերճի Ռոպերթօ (2-րդ) եւ Մեմֆիս Տեփայ (30-րդ):
Նշենք, որ իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պարսա այժմ ունի 7 կէտ:
Պարսելոնայի նման 7 կէտ ունեցաւ նաեւ Ռէալ Մատրիտ, որ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ռէալ Պեթիսի դաշտէն:
Տանիել Քարվախալ նշանակեց Ռէալ Մատրիտի եւ մրցումին միակ կոլը (61-րդ):



