Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, որ Թուրքիան Աֆղանիստանի մէջ իր դեսպանատան աշխատակիցները տեղափոխած է Քապուլի օդակայանի տարածք, ուր տեղակայուած են թուրք զինուորները: «Արմէնփրես» կը յայտնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք մեր դեսպանատան աշխատակիցները տեղափոխած ենք այն վայրը, ուր մեր զինուորները տեղակայուած են օդակայանի տարածքին մէջ: Այնտեղ Թալեպան շարժումի ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցած են 3,5 ժամ տեւողութեամբ բանակցութիւններ: Անհրաժեշտութեան պարագային այդ հաղորդակցութիւնները պիտի շարունակուին», լրագրողներու հետ զրոյցին ժամանակ ըսած է Էրտողան:



