Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քապուլի Օդակայանին Մօտ Անձնասպանական Գործողութիւն. Զոհերու Շարքին Են Աֆղաններ Եւ Ամերիկացի Զինուորներ

August 27, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փենթակոնի բանբեր մը հաստատեց, որ Քապուլի օդակայանէն դուրս պայթում տեղի ունեցած է: Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Նախնական տուեալները ցոյց կու տան, թէ պայթումը անձնասպանական գործողութեան մը հետեւանք է»:

Ամերիկեան «Փոլիթիքօ» օրաթերթը, յղում կատարելով ամերիկացի պաշտօնատարի մը, յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ կը կանգնի պայթումին ետին:

«Ռոյթըրզ» նշեց, որ Քապուլի մէջ անմիջական խնամքի հիւանդանոց փոխադրուած են աւելի քան 30 վիրաւորներ, որոնցմէ 6-ը ճամբան մահացած են:

Թալեպան շարժումէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ մահացած են առնուազն 13 անձեր, որոնց շարքին մանուկներ` աւելցնելով. «Թալեպան շարժումի շարք մը պահակներ Քապուլի պայթումէն վիրաւորուեցան»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ վիրաւորներու շարքին են ամերիկացի զինուորներ: Ըստ լրատու գործակալութեան, անոնց թիւը երեք է:

«Ֆոքս Նիուզ» հաղորդեց, որ անձնասպանական գործողութեան հեղինակը կանգնած է Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ քաղաքացիներու շարքին` նշելով, որ պայթումին պատճառով առնուազն երեք նաւազներ վիրաւորուած են:

Թալեպան շարժումի բանբեր Զապիհուլլա Մուժահետ աւելի ուշ յայտնեց, որ տեղի ունեցածը անձնասպանական երկու գործողութիւն էր, իսկ վիրաւորներուն թիւը 52 է:

Թալեպան Շարժումն Ու Հիւսիսային Դաշինքը Իրարու Վրայ Չյարձակելու Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Թալեպան շարժումը եւ Հիւսիսային դաշինքը` Աֆղանիստանի փրկութեան միացեալ ճակատը, համաձայնութիւն գոյացուցած են ձեռնպահ մնալու զինուորական գործողութիւններէ եւ իրարու վրայ յարձակումներ չգործելու: «Արմէնփրես» կը յայտնէ, որ այս մասին հաղորդած է «Ճէօ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը` վկայակոչելով աղբիւրներ:

Աղբիւրներու տուեալներով երկու կողմերու պատուիրակութիւններուն միջեւ հանդիպումները տեղի ունեցած են վերջին երկու օրուան ընթացքին` Աֆղանիստանի Փարվանի նահանգի Չարիքար քաղաքին մէջ:

Կ՛ակնկալուի, որ Հիւսիսային դաշինքին հետ Թալեպան շարժումի համաձայնութիւնը կրնայ կանխարգիլել անոնց կողմնակիցներուն բախումները Փանժշիր նահանգին մէջ, որ մնացած է Աֆղանիստանի` թալեպաններու վերահսկողութեան տակ չգտնուող միակ շրջանը:

Քրեմլին. «Աֆղանիստանի Մէջ Ահաբեկչական Սպառնալիքը Տակաւին Գոյութիւն Ունի»

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիան մօտէն կը հետեւի Աֆղանիստանի իրադարձութիւններուն եւ տակաւին մտահոգ է: «Մենք մօտէն կը հետեւինք իրադարձութիւններուն եւ անոնց առումով մեր սեփական որոշ գործողութիւնները ունինք», ըսաւ ան:

«Տեսանք տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն, Թալեպան շարժումը ինք 31 օգոստոսը ճշդած է իբրեւ ամերիկեան ուժերու հեռացման վերջնական ժամկէտ», աւելցուց Փեսքով:

«Կացութիւնը կը զարգանայ, ժամանակը կը սպառի եւ կացութիւնը տակաւին շատ լարուած է, եւ մենք կը շարունակենք անոր մօտէն հետեւիլ եւ տակաւին մտահոգ ենք», յայտնեց ան` նշելով. «Աֆղանիստանի մէջ կը շարունակէ գոյութիւնը ահաբեկչական մեծ սպառնալիքի մը»:

«Ինչ կը վերաբերի ահաբեկչական յարձակումներուն, մարդ միայն մէկ բան կրնայ նշել, որ թալեպաններուն կողքին Աֆղանիստանի հողին վրայ ՏԱՀԵՇ-ի անդամներ կան, եւ անոնք այդ երկրի քաղաքացիներէն են, անոնք իսկական ահաբեկիչներ են: Յամենայն դէպս, Աֆղանիստանի մէջ ահաբեկչական սպառնալիքը շատ բարձր է», ըսաւ Փեսքով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին երէկ յայտնեց. «Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան բանակի այդտեղէն հեռանալէն ետք կացութիւնը ուսումնասիրելու ատեն, Միացեալ Նահանգներ պէտք է եզրակացնեն, թէ այլ երկիրներու ներքին գործերուն միջամտելը եւ միջազգային օրէնքը շրջանցելու համար ուժ կիրարկելը անընդունելի են»:

«Եզրակացութիւն` այլոց հարցերուն միջամտելու կարիք չկայ, եւ ՄԱԿ-ի ուխտը ոտնահարելու համար ուժի կիրարկման կարիք չկայ», նշեց Լաւրով:

«Ամէնէն կարեւոր եզրակացութիւնը, որ ամերիկացիները կրնան Աֆղանիստանի կացութենէն քաղել, այն է, որ կարիքը չկայ ոեւէ մէկուն ինչպէս ապրիլ սորվեցնել եւ զայն բռնի պարտադրել», յայտնեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Անոր կարծիքով` Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեամբ վերոնշեալ զինուորական արշաւները «որեւէ լաւ բանի չյանգեցան, այլ միայն կարգ մը պարագաներու ահաբեկչութեան մագլցումի եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգման աճի առաջնորդեցին. այդ արարքները աննախադէպ կերպով աճեցան»:

 

Նախորդը

Ալիեւ. «Եթէ Պատերազմը Շարունակուէր, Մենք Կրնայինք Բարդութիւններու Բախիլ»

Յաջորդը

Ռէալ Մատրիտ 180 Միլիոն Եւրօ Կ՛առաջարկէ Էմպափէի Համար

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.