Սպանական մարզական մամուլը, հիմնուելով Ռէալ Մատրիտի կողմէ տարածուած լուրերուն վրայ, կը տեղեկացնէ, որ յստակացած է Ռէալ Մատրիտի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վերաբացման թուականը:
Նշուեցաւ, որ 11 սեպտեմբերին Ռէալ Մատրիտ իր դաշտին վրայ կրնայ հիւրընկալել Սելթա Վիկոն:
Այսպիսով, մարզադաշտին շինարարական աշխատանքները տեւեցին 500 օր:
«Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ Ռէալ Մատրիտ իր վերջին մրցումը կատարեց 1 մարտ 2020ին, երբ անիկա 2-0 արդիւնքով յաղթեց Պարսելոնային` «Քլասիքօ»-ի մրցումին ընթացքին:



