Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Պաքուն Պէտք Է Շատ Յստակ Հասկնայ, Որ Հայաստանի Ապաշնորհ Իշխանութիւններու Գոյութիւնը Չի Կրնար Հիմք Հանդիսանալ Հայաստանի Անվտանգութեան Կազմաքանդման Համար»

August 18, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան արձագանգած է Ազրպէյճանի նախագահ Ի. Ալիեւի վերջին յայտարարութիւններուն.

«Դրացի երկրի ղեկավարը երէկ նորէն ինքն իրեն թոյլ տուած է մեր ժողովուրդի արժանապատուութիւնը վիրաւորող արտայայտութիւններ:

Միջազգային ահաբեկչական ուժերու եւ այլ պետութիւններու ներգրաւումով` մեր ժողովուրդին նկատմամբ սանձազերծուած պատերազմէն ետք, Ալիեւը ակնյայտօրէն նպատակ ունի կարճ ժամանակահատուածի մէջ ամբողջապէս կազմաքանդել Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգային համակարգը:

Պաքուն պէտք է շատ յստակ հասկնայ, որ Հայաստանի ներկայ ժամանակաւոր կաշկանդուածութիւնը եւ ապաշնորհ  իշխանութիւններու գոյութիւնը չեն կրնար հիմք հանդիսանալ մեր պետութեան տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան շարունակական ոտնահարումներու, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ կեանքի իրաւունքը անտեսելու համար:

Հայ ժողովուրդը, իբրեւ հայկական երկու պետութիւններու յարատեւութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւոր, աննահանջ պիտի պայքարի իր իրաւունքներուն համար:

Ինչ կը վերաբերի միջազգային հանրութեան, ապա վերջինս պէտք է անյապաղ եւ գործնականօրէն սանձէ մեր պետութեան նկատմամբ անթաքոյց տարածքային պահանջներ ունեցող պատերազմական յանցագործի յաւակնութիւնները: Միջազգային կազմակերպութիւններն ու ուժային կեդրոնները պէտք չէ աչք փակեն միջազգային յարաբերութիւններն ու արդի աշխարհի անվտանգային համակարգերը կազմաքանդող ազրպէյճանական գործողութիւններու վրայ:

Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին պայքարած է յանուն արժանապատիւ խաղաղութեան, վերջին 30 տարիներուն ընթացքին մենք եղած ենք այս շրջանին մէջ խաղաղութեան ջատագովն ու պարտադրողը: Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք, սակայն այդ խաղաղութիւնը չի կրնար ըլլալ ի հաշիւ մեր արժանապատուութեան եւ գոյութենական իրաւունքներուն»:

 

Նախորդը

Պաապտայի Մէջ. «Կառավարութեան Կազմութենէն Քանի Մը Մեթր Հեռաւորութեան Վրայ Կը Գտնուինք» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Յաջորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Պաքուի Սադրիչ Գործողութիւններու Ակնյայտ Նպատակն Է Վտանգել Մագլցումը Թուլացնելու Ջանքերը»

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.