Յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Մաքսիմ Մանուկեան (87 քկ) նախորդ շաբաթավերջին խառն մենամարտերու («ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ. ») մէջ իր նորամուտը նշեց յաղթանակով:
Այս տարուան գարնան Լոս Անճելըս մեկնած եւ հոն յատուկ փորձերու սկսած Մանուկեան, միջազգային մրցաշարքին գծով իր կատարած մենամարտին յաղթեց մեծ առաւելութեամբ:
Նշենք, որ ան նաեւ ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր է, ինչպէս նաեւ տիրացած է այլ մրցաշարքերու տիտղոսներու:



