Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիան 9 Օգոստոսէն 15 Սեպտեմբեր Մարտավարական Յատուկ Փորձեր Պիտի Կատարէ Հայաստանի, Աբխազիոյ Եւ Հարաւային Օսեթիոյ Մէջ

August 9, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ Հարաւային զինուորական շրջանի քսան համակցուած զինուորական վարժարաններու մէջ երկկողմանի գումարտակային մարտավարական եւ յատուկ փորձեր պիտի կատարուին օգոստոսին եւ սեպտեմբերին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով շրջանի մամլոյ ծառայութեան:

«Երկկողմանի գումարտակային մարտավարական եւ յատուկ փորձերու փուլը պիտի կատարուի 9 օգոստոսէն 15 սեպտեմբեր… Ռազմափորձերը պիտի կատարուին Ասթրախանի եւ Ռոսթովի մարզերուն մէջ, Սթաւրոփոլի եւ Քուպանի շրջաններուն մէջ, Ատիկէայի, Տաղստանի, Հիւսիսային Օսեթիոյ, Չեչենիոյ, Խրիմի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայաններուն մէջ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Հարաւային ռազմական շրջանի հրամանատար Ալեքսանտր Տվորնիքովի որոշումով` փորձերուն պիտի մասնակցին տարբեր տեսակի զօրքերու մասնագէտներ, ներառեալ ճառագայթման, քիմիական եւ կենսաբանական պաշտպանութեան, սակրաւորական զօրքերու, հեռաելեկտրոնային պայքարի, հետախուզութեան, նիւթական-արհեստագիտական եւ բժշկական աջակցութեան ստորաբաժանումները:

Բացի ատկէ, ներգրաւուած պիտի ըլլան բանակի, զինուորական փոխադրամիջոցային, գրոհային եւ մարտավարական օդուժերը, ինչպէս նաեւ Սեւծովեան նաւատորմիղի եւ Կասպից նաւատորմիղի ստորաբաժանումներն ու կազմաւորումները:

Ռազմափորձերու ընթացքին զինուորները պիտի մշակեն առաջադրանքներու կատարումը տարբեր տարածքներու մէջ, բնակավայրերու մէջ` թէ՛ ցերեկը, թէ՛ ալ գիշերը:

Զինուորական պատրաստութեան միացեալ փորձերուն մասնակցելու համար ամէն օր կը նախատեսուի յատկացնել աւելի քան 80 օդանաւ եւ ուղղաթիռ:

 

Նախորդը

«Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Արաբական Երկիրներու Փորձերը Ձախողեցան» Կ՛ըսէ Շամխանի

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կը Յայտարարէ, Որ Վրաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան Կ՛աջակցի

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.