Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրկին Լարուածութիւն` Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանի Երասխի Հատուածին Մէջ

August 7, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ` 6 օգոստոսին հաղորդեց, որ նոյն օրը կէսօրուան ժամը 12:10-ի շուրջ, ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացին հայ-ազրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ, որուն իբրեւ հետեւանք միջդիրքային հատուածի խոտերուն մէջ հրդեհ ծագեցաւ: Նախարարութիւնը յայտնեց,  որ հայկական կողմը հակազդեց եւ հակառակորդին կրակը լռեցնելու գործողութիւններու ձեռնարկեց:

Աւելի ուշ` երեկոյեան շուրջ ժամը 6:00-ին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ  Երասխի հատուածին մէջ կացութիւնը կայունացած է, բռնկած հրդեհը մարած է, հայկական կողմէն տուժածներ չկան:

Սահմանային լարուածութեան արձագանգեց ՄԱԿ-ը, որ երկու երկիրներուն` Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին զսպուածութեան կոչ ուղղեց: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ այդ մասին ըսաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Ֆերհան Հաք:

«Մենք կը շարունակենք կոչ ուղղել կողմերուն` զերծ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք պատճառ կը դառնան լարուածութեան աճին, եւ ծագած խնդիրները լուծելու երկխօսութեան հոլովոյթին միջոցով», նշեց ան:

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան իր կարգին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, որ Ազրպէյճանի զինուորները դիտաւորեալ կերպով կը հրկիզեն Հայաստանի Արարատի մարզի Երասխ գիւղի անմիջական դրացնութեամբ մարդոց սեփականութիւնը եղող, ինչպէս նաեւ անոնց անմիջական կից գտնուող տարածքները:

«Այսօր Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը ահազանգեր ստացաւ, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը փոքր ու մեծ չափի զէնքերէ կրակ բացած են Երասխի անմիջական դրացնութեամբ եւ ինքնին գիւղին ուղղութեամբ: Գիւղը կը գտնուի ազրպէյճանական դիրքերէն մօտ 1 քմ հեռաւորութեան վրայ: Ազրպէյճանական զինուած ուժերու կրակոցները կոպիտ կերպով կը խախտեն Երասխի եւ յարակից գիւղերու բնակիչներուն իրաւունքները», նշեց Արման Թաթոյեան:

Ան աւելցուց, որ հրդեհներուն պատճառով Երասխի եւ յարակից գիւղերու բնակիչները չեն կրցած բնական կերպով գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարել: Ատկէ զատ, կրակոցներն ու հրդեհները խաթարած են մարդոց խաղաղ եւ բնականոն կեանքը` Երասխի մէջ յատկապէս:

Նախորդը

Ազգային Ժողովի Փոխնախագահ Ընտրուեցաւ Իշխան Սաղէաթէլեան

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 31-ի Լուծում

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.