Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 7, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1461 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ դեղորայքի իմաստով կացութիւնը հակակշիռէ դուրս ելած է: Ան շեշտեց, որ կարգ մը դեղերու լուրջ տագնապ կայ, իսկ այլ դեղարաններու մէջ դեղորայքը տոլարով կը վաճառուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ կարմիր խաչի ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Քըթթանէ յայտնեց, որ Քուէյթեան կարմիր մահիկէն ստացած են 10 հիւանդատար մեքենայ եւ արեան փոխադրութեան յատուկ 5 ինքնաշարժներ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը հերքէ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կողմէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին միջամուխ դառնալու մասին լուրերը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ կարգ մը քաղաքական ուժեր քաղաքական եւ ընտրական շահարկումի վերածեցին 4 օգոստոսը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ ոչ ոք յանդգնութիւնը ունի յայտարարելու Լիբանանի սնանկ իրականութեան մասին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը հրապարակեց տեսանիւթ մը, որուն մէջ ընդգծուեցաւ, որ 4 օգոստոսի ահաւոր պայթումէն եւ աղէտէն ետք Ֆրանսա նեցուկ կը կանգնի բոլոր լիբանանցիներուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ ինք չի նախատեսեր, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ կառավարութիւն մը կազմել: Ան աւելցուց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը կառչած կը մնան իրենց պահանջներուն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հանգիստ է, որովհետեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի համար ան կարմիր գիծ է:

ՊԱԱԼՊԵՔԻ Պուտայ եւ Տար Ուեսհա շրջաններուն մէջ Շամմաս եւ Ժաաֆար ընտանիքներուն միջեւ նռնականետերով բախումներ տեղի կ՛ունենան:

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՆ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ոչ մէկ նախաձեռնութիւն առաջադրած է նոր կառավարութեան կազմութեան համար, եւ այդ հոլովոյթը կը կեդրոնանայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիա Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին հաստատած է, որ Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւնները Հըզպալլայի պատճառով են:

 

Նախորդը

Հին Ցաւեր, Նոր Խորհրդարան – Բ. – Շրջանային Եւ Միջազգային Փոթորիկներ, «Փոխանցման» Խորհրդարան

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Արիւնը Յումպէտս Չենք Վատներ Եւ Չենք Ուղղուիր Հոն, Ուր Թշնամին Կ՛առաջնորդէ Մեզ»

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.