Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հովանաւորութեամբ Երեք Համայնքապետներուն. Աղօթքի Հոգեւոր Արարողութիւն` Ի Յարգանս Լիբանանի Եւ Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերուն

August 6, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին հրաւէրով եւ հովանաւորութեամբ երեք համայնքապետներուն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի առաջին տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ, Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կից գտնուող Ժաարայի աստիճաններուն վրայ:

Արարողութեան հանդիսապետեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Ձեռնարկին ներկայ էին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, երեսփոխաններ Ալեքսան Մաթոսեան եւ Յակոբ Թերզեան, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, հայ քաղաքական երեք կուսակցութեանց, կրթական, ընկերային, մշակութային, բարեգործական ու մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` պայթումի զոհերու ընտանեկան պարագաներ:

Յետ արարողութեան, խօսք առաւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ատենապետ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, որ անդրադարձաւ պայթումէն  քանի մը օր ետք կազմուած` Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին, պարզելով  ցարդ անոր իրագործած աշխատանքները վնասուածներու օժանդակութեան համար: «4 օգոստոսին քաղաքակրթութեանց եւ օրինաց բնօրրան այս քաղաքը արիւնլուայ արտասուեց, Պէյրութ իր հարազատ աչքերով ականատես եղաւ իր զաւակներու մասունքներուն ու պարզուած աւերին` շփոթելով ուրկէ սկսիլ իր վէրքերուն ամոքումը»: Վ. Օհանեան-Գէորգեան ցաւով անդրադարձաւ, թէ պայթումէն տարի մը ետք տակաւին իրականութիւնը չէ բացայայտուած ու զոհերու պարագաներուն թէ վնասուածներէն շատ շատերուն վէրքերը տակաւին չեն ամոքուած: Ան նշեց, որ այսօր տարի մը ետք տակաւին ամբողջ հայրենիքը արիւնլուայ զոհ է: Ան յայտնեց, թէ այս հայրենիքը մարդկութեան անունով կը պահանջէ ճշմարտութեան բացայայտումն ու համատարած ու ամբողջական արդարութեան իրագործումը: «Ինչպէս որ չլռեցինք որեւէ անիրաւութեան դէմ, դարձեալ պիտի չլռենք այս դարաշրջանի անարգ ոճիրին գծով ու պիտի պահանջենք իրականութեան բացայայտումն ու արդարութեան իրագործումը, ինչպէս նաեւ առանց խտրութեան բոլոր անձնաւորութիւններու անձեռնմխելիութեան վերացումը», ընդգծեց ան եւ աւելցուց. «Մենք` Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմնին մէջ, առաջին օրէն զօրավիգ ենք մեր ժողովուրդին»: «Այս մարմինը, որ կազմուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ ու գլխաւորութեամբ  Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի եւ անդամակցութեամբ հայ երեք համայնքներու, կուսակցութիւններու, ընկերային ու բարեսիրական միութիւններու  ներկայացուցիչներուն, հաւաքագրեց անհրաժեշտ հաստատագիրները եւ հետեւեցաւ վնասուած անհատներու ապաքինման թէ բնակարաններու վերակառուցման աշխատանքներուն»: Ապա ան մանրամասն ներկայացուց նշեալ մարմինի ցարդ տարած աշխատանքներու գործնական արդիւնքներուն, ֆինանսաւորումին, վնասներու թուագրման եւ յարակից աշխատանքներուն` ընդգծելով, որ մարմինը ցարդ կատարած է 2000 բնակարաններու վերանորոգութեան աշխատանքը: Վ. Օհանեան-Գէորգեան այս առիթով իր եւ նշեալ մարմինին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց ջանքերով եւ օժանդակութեամբ կարելի եղաւ հայ համայնքի 14 զոհերու ընտանեկան պարագաներուն տրամադրել հոգեկան, բարոյական ու նիւթական աջակցութիւն: Ան իր խօսքի աւարտին  առողջութիւն եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն` յոյս յայտնելով, որ զոհերու հոգիները կը հանգչին միայն իրականութեան, արդարութեան եւ հաշուետուութեան իրագործումով:

 

 

Նախորդը

Հին Ցաւեր, Նոր Խորհրդարան – Ա. – Մէջք Շտկելու Երթի Մեկնարկ

Յաջորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերու Յիշատակի Մոմավառութեան Առիթով. Բագրատունի. «Այս Ոճիրին Զոհ Գացած Ոեւէ Նահատակի Արեան Մէկ Կաթիլը Գերիվեր Է Ամէն Անձեռնմխելիութենէ»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.