Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերուն Ընտանիքները Պատասխանատուներուն 30 Ժամուան Պայմանաժամ Կը Ճշդեն

August 3, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պասիլ Կը Պահանջէ Պըրրիէն 4 Օգոստոսին Երեսփոխանները
Հրաւիրել Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու Նիստի Մը

4 օգոստոսի նախօրեակին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները երէկ տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Իպրահիմ Հըթէյթ յայտնեց, թէ զոհերուն ընտանիքները լիբանանցի պատասխանատուներուն 30 ժամուան պայմանաժամ կը ճշդեն, որպէսզի անոնք որոշեն, թէ ի՛նչ կը փափաքին կատարել անձեռնմխելիութեան հարցով:

«Կը մաղթենք, որ ճիշդ որոշում տաք` նուազագոյնը անգամուան մը համար», ըսաւ Հըթէյթ` հաստատելով, թէ իրենք կ՛ուղղուին դէպի մագլցողական քայլերու որդեգրումի:

Միւս կողմէ, Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք քանի մը անգամ նախագահական պալատ այցելած է եւ հանդիպումներ ունեցած քաղաքական ու ապահովական պատասխանատուներու հետ:

Պիթար ընդգծեց, որ այդ լուրերը անճիշդ են եւ կոչ ուղղեց լրատուամիջոցներուն` ստուգելու լուրին բովանդակութիւնը, նախքան անոր հրապարակումը:

Հարկ է աւելցնել, որ բանակի նախկին հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ շեշտեց, որ իր պաշտպանին` իրաւաբան Անթուան Թուպիայի կողմէ Հըզպալլայի ուղղուած ամբաստանութիւնը, թէ Հըզպալլան կը ծածկէր ամոնիում նայթրէյթը դէպի Սուրիա մաքսանենգելու գործողութիւնը, իր անձնական կարծիքը չի ներկայացներ, այլ կը նկատուի Թուպիայի անձնական վերլուծումը:

Նշենք, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ կէսօրէ առաջ Միրնա Շալուհի կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն պահանջեց խորհրդարանը 4 օգոստոսին հրաւիրել երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկելու նիստի մը:

Պասիլ շեշտեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը ապահովական գործողութիւն մըն է, զոր պաշտօնի մէջ թերացումի կամ բացթողումի հետեւանք կարելի չէ նկատել, այլ անիկա երկրին փտածութեան ու ապահովական թուլութեան ամփոփումը կը նկատուի», շեշտեց ան:

Պասիլ ընդգծեց, որ` իբրեւ երեսփոխաններ, պէտք է դատական իշխանութիւններուն ամբողջական իրաւասութիւններ շնորհենք, որպէսզի անաչառութեամբ շարունակէ իր աշխատանքը եւ փաստէ անոր արդիւնաւէտութիւնը:

 

 

Նախորդը

Խալտէի Զինեալ Միջադէպի Թղթածրարին Հետապնդումը Յանձնուեցաւ Լիբանանեան Բանակի Գաղտնի Սպասարկութեան

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Մայրիներու Ազգային Շքանշանով Պարգեւատրեց Քաթարի Դեսպանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.