Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն. «Մեզի Համար Անկարեւոր Են Բանակը Իր Ուղիէն Շեղել Փորձող Արտայայտութիւնները»

August 3, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ յայտնեց, որ բանակին ու անոր հրամանատարութեան համար անկարեւոր են այն արտայայտութիւնները, որոնք կը փորձեն բանակը իր ուղիէն շեղել: Ան շեշտեց, որ բանակին համար զրպարտութիւններն ու վարկաբեկումները կարեւոր չեն` աւելցնելով, թէ իրենց համար արդէն իսկ ծանօթ է նման արտայայտութիւններուն ենթահողը:

«Բանակը պիտի շարունակէ պաշտպանել հայրենիքին ապահովութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը, որքան ալ  սուղ ըլլան այս առումով պահանջուած զոհողութիւնները», հաստատեց ան:

Զօր. Աուն ողջունեց լիբանանցիները, որոնք օրական դրութեամբ կը փաստեն բանակին հանդէպ իրենց սէրն ու վստահութիւնը` ընդգծելով, որ անոնց վստահութիւնն է բանակին ուժին աղբիւրը:

Իր խօսքը ժողովուրդին ուղղելով` զօր. Աուն ըսաւ. «Բանակին ուժին աղբիւրը իրեն հանդէպ լիբանանցիներուն եւ Միջազգային ընտանիքին վստահութիւնն է: Միջազգային ընտանիքը, որ բանակը կը նկատէ Լիբանանի ողնասիւնը եւ հայրենիքի կերտման հիմնասիւնը»:

Զօր. Աուն այս յայտարարութիւնը կատարեց Հասպայայի մէջ Լիբանանեան բանակին նուիրուած հրապարակին բացման հանդիսութեան ընթացքին:

Հրապարակի շինութիւնը հովանաւորուած էր Հասպայայի քաղաքապետութեան կողմէ:

ՄԻՒՍ կողմէ, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ռոպըրթ Մայնի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու համար Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակը յարգուած գործընկեր է, որուն հետ կարելի է գործել:

 

 

Նախորդը

Ֆահմի Նախագահեց Ապահովութեան Կեդրոնական Խորհուրդի Նիստին

Յաջորդը

Խալտէի Զինեալ Միջադէպի Թղթածրարին Հետապնդումը Յանձնուեցաւ Լիբանանեան Բանակի Գաղտնի Սպասարկութեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.