Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էտըմ Շիֆ Ազրպէյճանի Մասին. «Պէտք Չէ Ֆինանսաւորել Երկիր Մը, Ուր Մարդու Իրաւունքները Կ՛ոտնահարուին, Որ Կը Սպառնայ Շրջանային Անվտանգութեան Ու Խաղաղութեան»

August 2, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ Ազրպէյճանը զինուորական օգնութենէ զրկելու մասին Ներկայացուցիչներու տան կողմէ որդեգրուած օրինագիծը յաղթանակ կը նկատէ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ «Ամերիկայի ձայն»-ին համաձայն, քոնկրեսականը յայտնած է, որ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ որդեգրուած օրինագիծը տակաւին քանի մը փուլերէ պէտք է անցնի: Ան նշած է, որ Ծերակոյտին եւ նախագահին կողմէ հաւանութեան արժանանալու պարագային, անիկա կրնայ հետագայ տարիներուն ընթացքին եւս պահպանուիլ:

Յուսանք` անիկա Ծերակոյտին մէջ եւս յաջողութիւն կ՛ունենայ: Իբրեւ կանոն մենք անցեալ տարիներուն ընթացքին տեսած ենք, որ նմանօրինակ նախագիծերը չեն արժանանար Ծերակոյտի հաւանութեան, սակայն մենք պէտք է պայքարինք նոյն բովանդակութեամբ օրինագիծը վերջնական յաջողութեան հասցնելու համար: Այս բովանդակութեամբ ասիկա առաջին օրինագիծն է, որ կ՛արժանանայ Ներկայացուցիչներու տան հաւանութեան», նշած է քոնկրեսականը:

Խօսելով Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող լարուած կացութեան մասին` Էտըմ Շիֆ յատուկ կերպով ընդգծած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի դերի մեծացումն ու կարեւոր նկատած է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացումը:

«Իմ կարծիքովս, պէտք չէ ֆինանսաւորել երկիր մը, ուր մարդու իրաւունքները կ՛ոտնահարուին, եւ որ կը սպառնայ շրջանային անվտանգութեան ու խաղաղութեան: Ատկէ բացի, Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութիւնը խախտելու դէպքերուն պատճառով սահմանին վրայ մտահոգիչ կացութիւն ստեղծուած է, ցաւօք վերջին օրերուն նաեւ եղած են զոհեր», նշած է ան:

Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ նշած է, որ պիտի շարունակէ աջակցիլ հայանպաստ բոլոր նախաձեռնութիւններուն` այդ ծիրին մէջ յատուկ ընդգծելով իր աջակցութեամբ վերջերս դաշնակցային կառավարութեան կողմէ Հայ-ամերիկեան թանգարանի շինարարութեան համար տրամադրուած շուրջ մէկ միլիոն տոլարը:

 

Նախորդը

Պայտըն Մեկնաբանած Է Փութինի Հետ Ռազմավարական Կայունութեան Շուրջ Բանակցութիւններուն Արդիւնքները

Յաջորդը

Քոնկրեսական Քլարք Ազրպէյճանը Կը Յորդորէ Անյապաղ Հեռանալու Հայաստանի Տարածքէն Եւ Դադրեցնելու Բռնութիւնը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.