Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՄԼՈՅ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՍՈՒԼԻՍ` ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

February 8, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սապունճեան եւ Աֆրամ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ  միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամի:

Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը կը գիտակցի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան դիմագրաւած հարցերուն եւ նախարարութեան համար առաջնահերթութիւն է լուծել ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն հարցերը:

Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ այս առումով իրենք լաւատես են` աւելցնելով, որ միութիւնը ներկայացուցած է այնպիսի պահանջներ, որոնք կ՛օժանդակեն բարելաւելու ճարտարարուեստի սեփականատէրերուն աշխատանքը, ինչպէս նաեւ հիմնելու գործարաններու յատուկ իտէալ շրջաններ` համապատասխան ենթակառոյցով,  ծաղկեցնելու համար արդիւնաբերութիւնը:

Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը ներկայացուցած է շարք մը ծրագիրներ, որոնցմէ քանի մը հատը գործադրուած է, իսկ մնացեալը սառեցուած է ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ: «Այս առումով մենք ելեւմուտքի նախարարին կ՛առաջարկենք այդ ծրագիրները փոխանցել նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան, որպէսզի կառավարութեան նիստին կարելի ըլլայ քննարկել այդ ծրագիրները եւ այդ իմաստով յարմար որոշումներ տալ», ընդգծեց Վ. Սապունճեան` աւելցնելով, որ ճարտարարուեստի մարզին կարելի է նեցուկ կանգնիլ ոչ միայն նիւթական նպաստ տրամադրելով, այլեւ` այդ մարզը քաջալերող որոշումներ տալով:

Իր կարգին, Աֆրամ ընդգծեց, որ նախարար Սապունճեանին ներկայացուցած են միութեան բողոքը` ելեկտրական հոսանքին եւ վառելանիւթի սակին վերաբերեալ: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն արտակարգ ծրագիր մը մշակելու` դիմագրաւելու համար երկրին եւ ճարտարարուեստի մարզին սպառնացող այս դժուար հանգրուանը:

Աֆրամ կոչ ուղղեց հիմնելու վառելանիւթի սակին նիւթական նպաստ ապահովող ազգային ֆոնտ մը, որ կարելի է ֆինանսաւորել Լիբանանի կողմէ ներածուող արտադրութիւններէն գոյացած տուրքերով:

Ան ընդգծեց, որ այս առումով իրենք երէկ առաւօտեան հանդիպում մը ունեցած են նաեւ ելեւմուտքի նախարարին հետ:

Նախորդը

«ՀԱԿԱՌԱԿ ԱՆՈՐ ՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՉԷ, ԱՆ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ» ԸՍԱՒ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ

Յաջորդը

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ԴԱՏԱԽԱԶ ՇԱՊԹԻՆԻ ԱՏԱԿ Է, ՍԱԿԱՅՆ ՄԵՆՔ ԱՆՈՐ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՉԵՆՔ ԱՌԱՋԱԴՐԱԾ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.