Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Բանակը` Վերհամայնքային Եզակի Հաստատութիւնը

August 2, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տօնական արարողութիւններով պիտի չյատկանշուէր  բանակի հերթական օրը: Ո՛չ միայն համավարակի, այլ նաեւ երկրի տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական անորոշութեան պատճառներով: Երէկ կ՛աւելնար նաեւ ապահովական բաժինը, երբ Խալտէի մէջ կ՛արձանագրուէր անկանխատեսելի հետեւանքներ թելադրող բախումներու, սպանութիւններու շարք մը:

Լիբանանեան բանակը կ՛ընկալուի իբրեւ վերհամայնքային եզակի կառոյց, որ պետական հաստատութիւններու անդամալուծումով յատկանշուող վերջին շրջանին կը շարունակէ կատարել իր գործառոյթները, երկրի ու պետութեան ապահովութիւնը գերադասելով եւ պահպանելով բրգաձեւ կառոյցի կարգը, կանոնն ու կուռ միասնականութիւնը:

Բանակի հեղինակութեան պահպանման այս իրականութիւնը լիբանանցի քաղաքացիին մօտ վառ պահած է վստահութեան զգացումը, բանակէն ակնկալութիւններ ունենալու հոգեբանութիւնը եւ ամէնէն բարդ հանգոյցներուն ձեւաւորման պահուն` բանակին նայելու եւ այնտեղէն լուծում սպասելու համոզումը:

Ներքին այս ապահովութիւնը համալրուած է նաեւ արտաքին վստահելիութեան գործօնով: Այս երկրորդ ուղղութիւնը հաւանաբար քաղաքական շարժառիթներ ունի եւ վերահսկելի քաոսի գործընթացները կարմիր գիծերէն ասդին պահելու կը ծառայէ: Ի վերջոյ զսպիչ  զինեալ ուժեր պիտի շարունակեն կայացած մնալ եւ ապահովական միջադէպերու բռնկման պարագային կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը վերադարձնել:

Լիբանանեան բանակը սակայն այն հաստատութիւնն է, որ ժամանակի ընթացքին վերափոխած է իր գործառոյթները: Անընդհատ համալրելով նոր լիազօրութիւններ եւ իրաւասութիւններ, լեցուցած է իրաւապահ մարմիններուն ստեղծած բացերը: Վերջերս նաեւ վարչական գործառոյթներ իրականացնող որոշ նախարարութիւններու գործառոյթները:

Բանակները միջազգային օրինաչափութեամբ կը հսկեն երկիրներու սահմաններուն եւ կը կանխարգիլեն արտաքին ոտնձգութիւնները տարածքային ամբողջականութիւններու խախտման փորձերու պարագային: Մնացեալը, ներքին առումով`  պարտականութիւնն է ներքին ուժերու, ոստիկանութեանց եւ իրաւապահ մարմիններու տարբեր բաժանմունքներուն եւ ծառայութիւններուն:

Լիբանանեան բանակը ամէնուր է եւ իրաւամբ կը լրացնէ ներքին այդ բացը: Սակայն այդ բացերը չեն վերաբերիր միայն ներլիբանանեան ապահովական խնդիրներու:

4 օգոստոսի ահաւոր պայթումը գործեց հսկայածաւալ աւեր, մարդկային զոհերու առընթեր քանդելով բնակարաններ եւ վաճառատուներ ու համայնքային կեդրոններ եւ հաստատութիւններ: Այս անգամ լիբանանեան բանակը ստանձնեց աւերի տարողութեան գնահատումը, այդ գնահատումի հիման վրայ նաեւ կատարուող ոչ լիբանանեան աղբիւրներու յատկացումներու ստանձնման եւ բաշխման պարտականութիւնները:

Եթէ մէկ կողմէ ակներեւ կը դառնար, որ լիբանանեան բանակը իր գործառոյթներէն դուրս կը ստանձնէ վարչակառավարման եւ օժանդակութիւններու աշխատանքներ, միւս կողմէ պարզ կը դառնար, որ արտաքին քաղաքականութիւն կայ գործող կառավարութիւնը շրջանցելով զինուորական բաժանմունքին վստահելու եւ այդ վստահելիութիւնը համալիբանանեան գիտակցութեան փոխանցելու:

Լիբանանեան բանակը ներքին հեղինակութեան առընթեր, թէկուզ որոշ քաղաքականացուած մօտեցումի շարժառիթով, կը ստանար նաեւ միջազգային հեղինակութիւն: Այդ հեղինակութեան կուտակումը լիբանանեան քաղաքական աւանդական խաւի հեղինակազրկումի նոյն միջազգային քաղաքականութիւնը կ՛ենթադրէր, եւ այստեղ բանակը պարզապէս այդ շրջանցումը կատարելու համար  նկատի առնուած հասցէական հաստատութիւն էր:

Թշնամի հարեւան ունեցող երկիրներու բանակները ընդհանրապէս թէ՛ ժամկէտային եւ թէ՛ պայմանագրային դրութիւնները որդեգրած կ՛ըլլան  բանակայիններու թիւերը բազմապատկելու համար: Լիբանանեան բանակը հիմնուած է պայմանագրային ծառայութեան հիմունքի վրայ: Պայմանագրայինը արհեստավարժութեան նպաստող համակարգ է: Եւ իրաւամբ լիբանանեան բանակը  կը գործէ արհեստավարժ կատարողականութեամբ: Ներկայ անորոշ պայմաններուն մէջ, սադրանքներու մնայուն միջադէպերու լոյսին ներքոյ կը մերժէ ներքաշուիլ այս կամ այն հատուածի թելադրութեան, կը պահէ միջհամայնքային հաւասարակշռուածութիւնը, կը միջամտէ տեղին, կը զսպէ թէժացած եւ զինեալ բախումներով յատկանշուող իրավիճակները, կը վերահաստատէ կայունութիւն եւ զինադուլ` խնդրոյ առարկայ տարածքը անմիջապէս առնելով վերահսկողութեան տակ:

Լիբանանեան ապահովական դրուածքը բարդ է: Միջադէպերը ցոյց կու տան, որ զինուած են այս կամ այն համայնքին մէջ դերակատարութիւն ստանձնած ուժեր. համայնք-շրջան տիրոյթներու մէջ զինեալ ներկայութիւնները կ՛աշխուժանան շատ արագ, երբ նման պահեր ստեղծուին:

Բանակը ուրեմն, բաղկացած ըլլալով բոլոր համայնքներէն, բոլոր համայնքներուն միջեւ պիտի ունենայ զինուորական միջամտութեամբ զէնքերը լռեցնելու հիմնական գործառոյթ:

Հակաահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու փայլուն օրինակներէն մինչեւ ներքին բախումներու զսպում, մինչեւ քաղաքացիական անհնազանդութեան դէպքերու վերահսկողութեան տակ առնելու բազմաթիւ փաստեր, միջհամայնքային սադրանքներ կանխարգիլելու վճռորոշ միջամտութիւններէն մինչեւ բոլոր առումներով  վիրաւոր քաղաքացիներու ընկերային օժանդակութիւններու տրամադրում` լիբանանեան բանակը կը շարունակէ պատուով կատարել իրեն վստահուած թէ ինքնաստանձնած դերերը` այսքան անորոշ իրավիճակին մէջ փարոսի նման կանգուն մնալով իբրեւ վերականգնումի ուղի ցոյց տուող, հեղինակութիւն վաստկած հաստատութիւն:

Նախորդը

Հայաստանի Զինուած Ուժերու Գործողութիւններու Արդիւնքով Ազրպէյճանը Դադրեցուցած Է Ամրաշինական Աշխատանքները Սահմանի Երասխի Հատուածին Մէջ

Յաջորդը

Ռայիսի Վաղը Կը Ստանձնէ Իրանի Նախագահի Պաշտօնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.