Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ «ՌՈՍԱԹՈՄ»-Ի ՏՆՕՐԷՆԸ

February 8, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Ռուսիոյ «Ռոսաթոմ» հիւլէական ուժանիւթի հարցերով պետական ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Սերկէյ Քիրիենքոն:

Նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարբեր մարզերու մէջ հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան եւ կարեւոր նկատուեցաւ յատկապէս ուժանիւթի մարզին մէջ, ներառեալ` Հայկական հիւլէական ելեկտրակայանի նոր արտադրամասի կառուցման ուղղութեամբ փոխադարձ գործակցութեան զարգացումը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ նոր արտադրամասի կառուցումը կրնայ դառնալ մեծ ծրագիրներու շուրջ հայ-ռուսական համագործակցութեան նախագիծերէն մէկը:

Քիրիենքօ իր կարգին Հայաստանի նախագահին տեղեկացուց, որ Հայաստանի մէջ արդիւնաւէտ հանդիպումներ ունեցած է, այցելած է նաեւ Մեծամօրի հիւլէական կայանը, դիտած է գործող արտադրամասը, ինչպէս նաեւ նոր արտադրամասի համար նախատեսուող տարածքը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպման ընթացքին «Ռոսաթոմ» հիւլէական ուժանիւթի հարցերով պետական ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Սերկէյ Քիրիենքոն պարգեւատրեց Պատուոյ շքանշանով` Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսութեան մարզին մէջ համագործակցութեան ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար:

ՌՈՒՍԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԱԿԱԼԸ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստան ժամանեց Ռուսիոյ վարչապետի առաջին տեղակալ Վիքթոր Զուպքովը, որ նախանցեալ օր ընդունուեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:

Հանդիպման ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը, ռազմավարական գործընկերութիւնը ամրապնդելու երկկողմանի ձգտումը շատ լաւ մթնոլորտ կը ստեղծեն հայ – ռուսական յարաբերութիւններուն հետագայ զարգացման համար: Ըստ նախագահին,  երկու երկիրներուն միջեւ տարուէ տարի կ՛աճի ապրանքաշրջանառութիւնը, կ՛ընդլայնի ռուսական դրամագլուխով միացեալ նախաձեռնութիւններու քանակը եւ աւելի բազմազան կը դառնայ մարդկային համագործակցութիւնը:

Վիքթոր Զուպքով յայտնեց, որ 2008 թուականին Հայաստան կատարած իր նախորդ այցելութենէն ետք` նախորդ չորս տարիներուն ընթացքին հայ – ռուսական յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ աւելի սերտացած եւ ջերմ դարձած են: Ըստ անոր, այդ յարաբերութիւնները ամրապնդուած են նաեւ բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւններով, որոնց շարքին նախագահ Սերժ Սարգսեանի անցեալ տարուան հոկտեմբերին Ռուսիա կատարած պետական այցելութեամբ: Զուպքով նշեց, որ երկու երկիրներու կառավարութիւնները աշխուժ աշխատանք կը կատարեն այդ փոխադարձ այցելութիւններուն ընթացքին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն կողմէ տրուած յանձնարարականներու կատարման ուղղութեամբ:

Հանդիպման մասնակիցները կարեւոր նկատեցին հայ – ռուսական տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնախումբի աշխատանքը, որուն համանախագահներուն հանդիպումը տեղի  ունեցաւ երէկ Երեւանի մէջ:

Զրուցակիցները հեռանկարային նկատեցին գործակցութեան զարգացումը գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի եւ շարք մը այլ մարզերու մէջ:

 

 

Նախորդը

«ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՍՈՉԻԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԴԷՊԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՔԱՅԼ Է» Կ՛ԸՍԷ ԼԵՖՈՐ

Յաջորդը

«ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ԾԱԾԿԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐԸ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.