Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Կարծեմ` Միացեալ Նահանգները Աֆղանիստանի Մէջ Ձախողած Են» Կ՛ըսէ Փաքիստանի Վարչապետը

July 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաքիստանի վարչապետ Իմրան Խան «Փի.Պի.Էս.Նիուզ Աուր» հաղորդման տուած հարցազրոյցին մէջ քննադատած է Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութիւնը` նշելով, որ ամերիկեան կողմը Թալեպան շարժման հետ տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու հարցին մէջ ձախողած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռաշա Թուտէյ»-ը:

«Կը կարծեմ` Միացեալ Նահանգներ Աֆղանիստանի մէջ ձախողած են: Սկիզբը կը փորձէին Աֆղանիստանի մէջ գտնել զինուորական լուծում, որ ընդհանրապէս գոյութիւն չունէր, իսկ ինծի պէս մարդիկ, որոնք կ՛ըսէին, որ զինուորական լուծում գոյութիւն չունի, որոնք գիտէին Աֆղանիստանի պատմութիւնը, կը կոչուէին հակաամերիկացիներ: Անոնք զիս կը կոչէին «Թալեպան խան», ըսած է Փաքիստանի վարչապետը եւ աւելցուցած, որ Միացեալ Նահանգներ վերջապէս եկած են այն եզրայանգումին, որ զինուորական լուծում չկայ:

Իմրան Խան նշած է, որ քաղաքական լուծում գտնելու ճիշդ ժամանակը այն պահն էր, երբ Աֆղանիստանի մէջ ՕԹԱՆ-ի 150 հազար զինուոր կար, իսկ զօրքերու կրճատումն ու հեռացման ժամկէտներու սահմանումը թալեպաններու կողմէ ընկալուած է իբրեւ յաղթանակ: Վարչապետը նշած է, որ այժմ փոխզիջումի դիմելը աւելի բարդ պիտի ըլլայ:

«Ռաշա Թուտէյ» կը յիշեցնէ, որ Փաքիստան 24 յուլիսին զօրք ուղարկած է Աֆղանիստանի հետ սահման` հսկողութեան համար, իսկ նախապէս յայտարարած էր գաղթականներու համար սահմանները չբանալու մասին: Իսլամապատ դիմած է գաղթականներու կացարաններու «իրանեան բնորդ»-ին, որով կը նախատեսուի սահմանի երկայնքին բնակավայրեր ստեղծել եւ գաղթականներուն չարտօնել հիւրընկալող երկրի քաղաքներուն մէջ հաստատուիլ:

 

Նախորդը

Իրանի Մէջ Ահաբեկչութիւն Ծրագրող Խմբաւորում Մը Բացայայտուած Է. Իսրայէլեան Հետախուզութեան Հետ Կապ Ունեցող Լրտեսներ Ձերբակալուած Են

Յաջորդը

Խամենէի Իրանի Նոր Կառավարութեան Խորհուրդ Տուած Է Դասեր Քաղել Անցեալէն Եւ «Չվստահիլ Միացեալ Նահանգներուն»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.