Յունաստանի Հայ դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ երկրի արտաքին գործոց նախարարին կանչած են խորհրդարան` բացատրութիւն պահանջելով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` գրաւուած Շուշիի մէջ կազմակերպած այցելութեան` Ազրպէյճանի մէջ Յունաստանի դեսպանի մասնակցութեան վերաբերեալ:
Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարին ուղղուած նամակին մէջ Հայ դատի գրասենեակը իր դժգոհութիւնը յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ Յունաստանի դեսպան Նիքոլաս Փիփերիկոսի` Արցախի գրաւեալ տարածքներ, ներառեալ Շուշի այցելութեան նկատմամբ:
Հայ համայնքի նախաձեռնութիւնը մեծ աջակցութիւն եւ լայն տարածում գտած է Յունաստանի տարբեր համայնքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ:
Յունաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիաս իր մտահոգութիւնը յայտնած է այս կապակցութեամբ եւ յոյն դեսպանի քայլերը կոչած ամօթալի:



