Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ Հանդիպում Ունեցած Է Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ Շարլ Միշելի Հետ

July 19, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել երէկ հասած է Ազրպէյճան: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած է եւրոպացի պաշտօնատարը:

Կողմերը զրոյց ունեցած են աշխատանքային ճաշի սեղանի շուրջ, ապա միասին լուսանկարուած են:

Ալիեւ Միշելի հետ հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի աւարտին յայտարարած է. «Մենք կը գտնուինք ենթակառոյցներու կառուցման աշխուժ փուլի մէջ»:

Ան նաեւ յայտարարած է, որ Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ «պիտի կառուցուին 3 միջազգային օդակայաններ, առաջինը` Ֆիզուլիի մէջ (Վարանդա), որ պիտի գործարկուի տարեվերջին, երկրորդը` Զանգելանի (Կովսական) մէջ, երրորդը` Լաչինի (Բերձոր) մէջ: Վերջինիս կառուցումը կը նախատեսուի աւարտին հասցնել 2023 թուականին»:

«Շրջանին մէջ հաղորդակցական կապերու բացումը Ազրպէյճանին պիտի արտօնէ Հայաստանի տարածքով ապահովել կապը Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ»:

«Միեւնոյն ժամանակ սկսած է երկաթուղիի կառուցումը Հայաստանի հետ սահմանի երկայնքով, սկսած է մայրուղիներու կառուցումը Հայաստանի հետ սահմանի երկայնքով: Մեր տարածքին մէջ մենք պէտք է շուրջ 100 քիլոմեթր երկարութեամբ մայրուղիներ եւ երկաթուղիներ կառուցենք դէպի Հայաստան, Հայաստանի տարածքին մէջ պիտի ըլլայ շուրջ 40 քիլոմեթր: Շրջանին մէջ հաղորդակցական ուղիներու բացումը զուգահեռ պէտք է տեղի ունենայ», ըսած է Ալիեւ` նշելով, որ ատիկա Հայաստանի համար պիտի ապահովէ կապը Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ, իսկ Ազրպէյճանի համար կարելիութիւն պիտի ստեղծէ յաւելեալ կապ ունենալ Նախիջեւանի հետ:

Անոր համաձայն, շրջանի 4 երկիր կ՛աջակցի այս մօտեցումին` Ազրպէյճանը, Իրանը, Ռուսիան եւ Թուրքիան:

«Հաղորդակցութեան բոլոր կապերը պէտք է միաժամանակ բացուին, եւ որեւէ խտրականութիւն պէտք չէ դրսեւորուի այս առումով», աւելցուցած է Ալիեւ` շեշտելով. «Կը սպասեմ Հայաստանի դրական արձագանգին, որ պէտք չէ ընտրովի ըլլայ, անկէ ետք շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու  բարգաւաճումը իրականութիւն պիտի դառնան»:

 

Նախորդը

«1 Ազգ, 3 Պետութիւն». Ազրպէյճանի Խորհրդարանի Պատուիրակութիւնը Առաջին Անգամ Պաշտօնական Այցելութիւն Տուած Է Հիւսիսային Կիպրոս

Յաջորդը

Էրտողան Հեռաձայնած Է Սալման Թագաւորին Եւ Քննարկած Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.